Որոնել

Քոյր Մարիա Քրոչիֆիսսա Քոյր Մարիա Քրոչիֆիսսա 

Երանելի կը հռչակուի Քոյր Մարիա Քրոչէֆիսսան

Նափոլի քաղաքի մայր տաճարին մէջ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ կը նախագահէ քոյր Մարիա Քրոչէֆիսսային երանացման արարողութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 2 յունիս 2018-ին, Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ՝ Անճելօ Ամաթօ  Սուրբ պատարագի արարողութեան մը ընթացքին երանելի հռչակեց «Ամորէ Տիվինօ» միաբանութեան անդամ՝ քոյր Մարիա Քրոչիֆիսսան:

Քոյր Մարիա Կարկանի ծնած է Ավելլինօ քաղաք՝ 23 դեկտեմբեր 1892-ին՝ ութը զաւակի տէր բարեպաշտ եւ կրօնասէր ընտանիքի յարկին տակ: Ան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ընտանիքին մէջ, ապա 1913-ին՝ յաճախած է Աւելլինօ քաղաքի վարժարանը, ուր ապա պաշտօնավարած է որպէս ուսուցչուհի :

1915ին, Քոյր Մարիա ներկայանալով Հայր Փիոյին (Padre Pio), փափաք յայտնած է կրօնաւորուհի դառնալու: Հայր Փիոն ընդառաջելով քոյր Մարիային խնդրանքին զինք ընդունած է իր հոգեւոր դուստրերու շարքին յորդորելով անոր լաւ զատորոշում կատարել:

Արժանի է նշել, որ Հայր Փիոյին նամակներու հաւաքածոյին մէջ կան նաեւ քոյր Մարիային սուրբին ուղղուած 67 նամակներ:

Քոյր Մարիան կրօնաւորուհի մշտնջենական ուխտերը կատարելէ ետք անուանակոչուած է Մարիա Քրոչիֆիսսա Տէլ Տիվինօ Ամորէ : Ան հիմնադիրը եղած է «Յիսուսի Սուրբ Սիրտ առաքեալներ» միաբանութեան, ապա իր հոգին աւանդած է 23 մայիս 1973ին, Նափոլի քաղաքին մէջ:

Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Վատիկան Նիուզ գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Քոյր Մարիայի երանացման յայտնեց, թէ նորահռչակ երանելին, իր աշխարհական կեանքին մէջ,  ապա որպէս Ֆրանչիսկեան երրորդ կարգի միաբանութեան կրօնաւորուհի ինչպէս նաեւ որպէս մեծաւորուհի իր հիմնած միաբանութեան, անխոնջ կերպով աշխատած եւ քաջութեամբ վկայած է իր հաւատքը իր ապրած բոլոր միջավայրերուն մէջ, յատկապէս հանրային դպրոցէն ներս ինչպէն նաեւ գիւղերուն մէջ։

Քոյր Մարիա լաւապէս կարող էր՝ զոհողութեան եւ աղօթքով լի հայեցողական կեանքը կապել՝ գործնական կեանքին, նպատակ ունենալով «հոգիներու փրկութիւնը», աւետարանի եւ աղօթքի ճանապարհով։ Ան այսօր եւս մեզի կը փոխանցէ իր սրբութեան պատգամը, այն սրբութիւնը որ կը փարատէ ամէն տխրութիւն,  պարգեւելով մեր առօրեայ կեանքին մէջ  ուրախութիւն եւ ոգեւորութիւն: Սրբութիւն, որ է կեանքի անվերջ գարունը, ըսած է Կարդինալ Աամթոն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2018, 09:45