Որոնել

Գերապայծառ Էնրիք Անճելելլի Գերապայծառ Էնրիք Անճելելլի 

Մօտիկ ապագային երանելի պիտի հռչակուի գերապայծառ Էնրիք Անճելելլին

Աղքատներուն սիրահար Արժանթինցի՝ գերապայծառ Էնրիք Անճելելլիի երանացման հրամանագիրը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

8 յունիս 2018-ին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթոն, որուն արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու Արժանթինցի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Էնրիք Անճելելլիի ու անոր ընկերներուն՝ Հայր Քարլոս Մուրիաս եւ Հայր Կապրիէլ Լոնկէվիլլի ինչպէս նաեւ աշխարհական Վենչսլաօ Փետերներայի մարտիրոսութեան հրամանգիրերը:

Մօտ ապագային երանելի պիտի հռչակուի Գերապայածռ Էնրիք Անճելելլին, որ սպաննուած է Արժանթինի մէջ կարգ մը զինուորականներուն կողմէ՝ 4 օգոստոս 1976-ին:

Գերապայծառ Անճելելլին զաւակն է Արժանթին գաղթած իտալացի ընտանիքի մը: Ան ծնած է 17 յունիս 1923-ին, ապա 15 տարեկանին նորընծայարան մտնելէ ետք, 1949ին, կը ձեռնադրուի Քահանայ հուսկ՝Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին մէջ եկեղեցական իրաւագիտութիւն ուսանելէ ետք կ՝առաքուի Քորտոպա քաղաք , ուր ամբողջութեամբ ինքզինք կը նուիրէ աղքատներուն, սկսելով այցելել «Վիլլաս Միզերիաս» աղքատներուն բնակավայրը: Ան սպաննուեցաւ Արժանթինի մէջ աղքատներուն թիկունք կանգնելու պատճառաւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն շնորհեց նաեւ հրապարակելու Երանելի Նունցիօ Սուլբրիցիօ՝ իտալացի աշխատաւորին սրբադասման հրամանագիրը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2018, 13:28