Որոնել

Քոյր Քարմեն Ռենտիլես Մարթինեզ Քոյր Քարմեն Ռենտիլես Մարթինեզ 

Վենեզուելլա. Քոյր Քարմենի երանացման արարողութիւն:

Քոյր Քարմեն եղած է հիմնադրուհին «Յիսուսի աղախիններ» միաբանութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 Յունիս 2018-ին,Վենեզելլուաի Քարաքաս մայրաքաղաքին մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ կը նախագահէ քոյր Քարմեն Ռենտիլես Մարթինեզի երանացման Սուրբ Պատարագի արարողութեան:
Քարմեն Ռենտիլես Մարթինես ծնած է 1903-ին՝ օգոստոս ամսոյն: 1927-ին, ան կը մտնէ Ֆրանսական Յիսուսի Սուրբ Հաղորդութեան աղախիններ միաբանութեան վանքը: Քոյր Քարմեն օժտուած էր սուր իմաստութեամբ եւ բացառիկ բարութեամբ: 1950 թուականին կը հետեւի իր միաբանութեան վերահիմնադրութեան գործընթացին, որ վերջ կը գտնէ 1965-ին, Սուրբ Աթոռին կողմէ սահմանադրութեան վաւերացումով՝ որպէս Վենեզուելլայի «Յիսուսի աղախիններ» անուան նոր միաբանութիւն:
Քոյր Քարմենիմեծաւոր մայր նշանակուելով նպաստեց՝ իր միաբանակից քոյրերուն մէջ հրահրելու հոգեւոր եւ ներդաշնակ կեանքի զարգացումը։ Անոր շնորհիւ միաբանութիւնը շարունակեց ծաղկիլ ըլլայ Վենեզուելլայի ըլլայ Քոլոմպիայի մէջ։
Մայր Քարմեն հոգին կ՝աւանդէ՝ 7 մայիս 1977-ին: 21 դեկտեմբեր 2017-ին, ֆրանչիսկոս Պապ կը վաւերացնէ քոյր Քարմենի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշքը, որ տեղի ունեցած է Քարաքասի մէջ՝ 18 յուլիս 2003-ին եւ որ կը հայի Վենեզուելացի բժիշկի մը վիրաւորուած ձեռքին անակնկալ բուժումին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2018, 08:15