Ամազոնեան անտառներ Ամազոնեան անտառներ  

Ամազոնի եպիսկոպոսաց ժողովին նախապատրաստական փաստաթուղթը

Նոր ուղիներ եկեղեցւոյ եւ համապարփակ բնապահապանութան համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես Ամազոնեան եպսիկոպոսաց Սիւնդհոկասան յատուկ ժողովին, լոյս տեսաւ ժողովին նախապատրաստական փաստաթուղթը «Եկեղեցւոյ եւ համապարփակ բնապահպանութեան համար նոր ուղիներ» վերնագիրով:
Ուրբաթ 8 յունիս 2018-ին,Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ Փան-Ամազոնեան յատուկ Սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթը։
2019-ին, հոկտեմբեր ամսոյն գումարուելիք, Ամազոնեան եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, թէ եկեղեցւոյ համար հիմնական է անսալ բնիկ ժողովուրդներուն եւ Ամազոնեան անտառներուն մէջ ապրող բոլոր հասարակութիւններու ձայնին, Ամազոնեան անտառները ու տարածաշրջանը նկատելով երկրագունդին համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող վերջին ամենամեծ թոքը.«Երկրագունդ մը, որ մատնուած է խորին տագնապի՝ ուր կը գերիշխէ մնացորդացի մշակոյթը», գրուած է յիշեալ փաստաթուղթին մէջ ու կը կարեւորուի նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանին՝ յատուկէն բնիկ ժողովուրդներուն համար աւետարանացումի նոր ուղիները:
Փաստաթուղթին մէջ, Ամազոնեան տարածաշրջանը նկատուած է նաեւ համայն մարդկութեան հայելին, որ կը պահանջէ մարդ էակներուն, պետութիւններուն եւ եկեղեցւոյ կողմէ կառուցային փոփոխութիւններ, զգուշացնելով տնտեսական համաշխարհային շահերէն, որոնք կը վտանգեն անտառային հարստութիւններն ու գետերը, որ պատճառ կը դառնան կենսոլորտի ապականումին ու կործանումին։ Դատապարտելի է նաեւ տնտեսական այն տիպարը, ուր շահը գերադասուած է մարդու արժանապատուութենէն:
Փաստաթուղթին մէջ կը յիշուի, որ բնիկ ժողովուրդները կը հաշուեն շուրջ 3 միլիոն մարդ, որոնք կ՝ապրին Ամազոնեան տարբեր շրջաններուն մէջ եւ կը ներկայացնեն գրեթէ 390 տարբեր ազգութիւններ, իրենց յատուկ մշակութային ինքնութեամբ եւ յատուկ պատմական հարստութեամբ։ Այդ բնիկ ժողովուրդները ոչ միայն կը դիմագրաւեն իրենց միջեւ ծագած մշակութային խնդիրները այլ կը պայքարին նաեւ Ամազոնեան տարածաշրջանի մէջ իրենց գոյատեւութեան համար ուր՝ Կաթողէ եկեղեցին ներկայ է իր միսիոնարներուն միջոցաւ եւ յանձնառու է բնիկ ժողովուրդներուն պաշտպանութեամբ, նոյնիսկ դիմելով մարտիրոսութեան։
Փաստաթուղթին մէջ կ՝ակնարկուի նաեւ անցեալ 19 յունուարին Փերույի Փուերթօ Մալտոնատօ քաղաքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապին բնիկ ժողովուրդներուն հետ հանդիպումի մասին, որուն առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը կ՝ընդգծէ բնիկ ժողովուրդներուն իմաստութեան ու ծանօթութիւններուն անհրաժեշտութիւնը՝ կարենալ հասկնալու համար ամազոնեան տարածքի հարստութիւնը:
Նախապատրաստական փաստաթուղթին մէջ կ՝ընդգծուի նաեւ Ամազոմեան եկեղեցւոյ աեւտարանցումի գործընթացը, որ կարելի չէ իրականացնել առանց տարածաշրջանի եւ ժողովուրդներու զարգացումի աշխատանքներուն։

Ի վերջոյ փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Ամազոնեան եպիսկոպոսներուն յատուկ ժողովը կանչուած է սահմանելու նոր ուղիներ՝ աճեցնելու համար Ամազոնեան եկեղեցւոյ դիմագիծը եւ պատասխանելու համար Ամազոնեան տարածաշրջանին անարդար կացութիւններուն:

Ամազոնեան դիմագիծ ունեցող եկեղեցի մը պէտք է փնտռել տնտեսական այլ տեսակ, համապարփակ եւ զօրակցական տիպար մը, հիմնուած բարոյականութեան վրայ։Աստուծոյ ժողովուրդը կոչուած է անտարբեր չի մնալու տարածաշրջանի անարդար արարքներուն դիմաց , որպէսզի Սուրբ Հոգիին ունկնդրութեամբ կարենայ առաջարկել նոր հովուական ուղեւորութիւն մը խթանելու համար եկեղեցւոյ գործունէութիւնը» գրուած է այսօր հրապարակուած Փան-Ամազոնեան յատուկ Սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2018, 12:45