Լունտի Աթոռանիստ Եկեղեցին Լունտի Աթոռանիստ Եկեղեցին 

Սքանտինավիան երկիրներու եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցը Ս Պետրոսի յաջորդին։

Սքանտինավիան երկիրներուն մէջ Կաթողիկէները փոքրամասնութիւն կը կազմեն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 7 Յունիս 2018-ին Սքանտինավեան երկիրներու, այսինքն Տանիմարքի, Ֆինլանտայի, Իսլանդայի, Նորվեկիայի եւ Շուէտի  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները ժամանեցին Վատիկան, իրենց հնգամեայ կանոնական այցը կատարելու ս. Պետրոսի յաջորդին եւ այցելութեան ծիրէն ներս առանձնական հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Վերոնշեալ երկիրներու մէջ որոնց բնակչութեան մեծամասնութիւնը Լուտերական Եկեղեցւոյ կը պատկանի, Կաթողիկէները կը կազմեն փոքրամասնութիւն։

Տանիմարքի 5 միլիոն 800 հազար բնակչութեան վրայ միայն 0.75 առ հարիւրը կաթողիկէ են։ Ֆինլանտայի պարագային՝ 5 ու կէս միլիոն բնակչութեան վրայ միայն 0.25 առ հարիւրը կաթողիկէ են մինչ Իսլանդայի մէջ՝ 338 հազար հաշուող բնակիչութեան 3.8 առ հարիւրը կաթողիկէ են, նոյնն է նաեւ պարագան Նորվեկիոյ ուր կաթողիկէները կը հաշուեն բնակչութեան 3.1 առ հարիւրը, ապա Շուէտի 9 միլիոն 747 հազար բնակչութեան վրայ միայն 1.1 առ հարիւրը կը պատկանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ։

Սքանտինավեան երկիրներու մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասը կազմուած է 12 անդամներէ, որոնք կը ներկայացնեն այդ երկիրներու 7 թեմերը։ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը  հաստատուած է 1960-ին։

Եկեղեցին, ինչպէս նշեցինք, ունի 7 Թեմեր որոնցմէ հինգը ուղղակիօրէն կը հպատակին Սուրբ Աթոռին մինչ միւս երկուքը տարածքային  առաջնորդութիւններ են։

Տանիմարքը ունի մէկ թեմ որուն աթոռը կը գտնուի Քոփենհակընի մէջ։ Ֆինլանտայի մէջ եւս կայ մէկ Թեմ որուն աթոռը կը գտնուի Հելսինքիի մէջ ապա Շուէտի թեմին աթոռը՝ որ կը գտնուի Սթոքհոլմի մէջ մինչ Իսլանդայի թեմին աթոռը կը գտնուի Ռէյքիավչիքի մէջ հուսկ Նորվեկիան որ ունի Սուրբ Աթոռէն կախեալ մէկ թեմ որ կը գտնուի Օզլոյի մէջ ու երկու տարածքային առաջնորդութիւններ՝ մէկը Թրոնտհայմի մէջ ու միւսը Թրոմսոյի մէջ։  

Վերջին տարիներուն Սքանտինվեան երկիրներու մէջ  կաթողիկէներու թիւը աճ արձանագրած է շնորհիւ նաեւ գաղթականութեան երեւոյթին, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ժամանած փախստականներուն։

Կաթողիկէ Եկեղեցին յանձնառու է  կեանքի եւ ընտանիքի պաշտպանութեան ի նպաստ պայքարի գործընթացքին մէջ ու մեծ գործ կը տանի նաեւ համամիութենական ու Միջ-կրօնական երկխօսութեան ծիրէն ներս, յատկապէս Լուտերական Եկեղեցւոյ հետ, ու այդ երկխօսութեան  արդիւնքները ի յայտ եկան նաեւ Բարեկարգումի 5րդ դարադարձի՝ Շուէտի Լունտ քաղաքին մէջ, 31 հոկտեմբեր եւ 1 նոյեմբեր 2016-ին կայացած միասնական տօնակատարութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մասնակցութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2018, 11:00