Որոնել

Կարդինալ Սանտրի Կարդինալ Սանտրի 

«Արեւելեան Եկեղեցիներու Գործունէութիւններու Օգնութիւն» հաստատութեան 91-րդ հաւաքը 19-22 յունիս 2018։

Ուրբաթ 22 յունիսին ժողովականները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

19 յունիս յետմիջօրէէն սկսեալ եւ մինչեւ ուրբաթ 22 յունիս 2018, Հռոմի Յիսուսեաններու Մայր Տան սրահին մէջ,  տեղի կ՛ունենայ  «Արեւելեան Եկեղեցիներու Գործունէութիւններու Օգնութիւն» հաստատութեան 91-րդ հաւաքը, հաստատութեան հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։ Լուրը կը հաղորդէ Արեւելեան Եկեղեցիներու ի նպաստ Ժողովը նշելով նաեւ թէ՝ չորեքշաբթի 20 յունիսի առաւօտեան 8.30-ին, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի,  որ է նաեւ «Արեւելեան Եկեղեցիներու Գործունէութիւններու Օգնութիւն» հաստատութեան նախագահը, Հռոմի  «Santo Spirito in Sassia» Սուրբ Հոգւոյն նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, Աստուածամօր հովանիին յանձնելու համար ժողովականներու աշխատանքները եւ յատուկ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած՝ հաստատութեան բոլոր բարերարներուն համար։

Հաւաքի ընթացքին պիտի քննարկուին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն հայող որոշ հարցեր, յատուկէն Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի ու Սուրբ Երկրի եկեղեցիներուն։

Հաւաքին ի մէջ այլոց կը մասնակցին Քահանայապետական ներկայացուցիչներ,  Սուրիոյ համար Կարդինալ Մարիօ Զենարի, Թուրքիայէն գերապայծառ Փոլ Ռասսել, Իարքի ու Յորդանանի համար գերապայծառ Ալպերթօ Օրթեկա ինչպէս նաեւ Վատիկանի Մարդկային Համապարփակ զարգացումի խթանումին բաժանմունքի ենթաքարտուղարը՝ գերապայծառ Սեկունտօ Թէյատօ Մունիոս ու Անատոլիայի առաքելական փոխանորդը՝ Գերապայծառ Փաոլօ Պիցցեթի։ Հաւատքի ընթացքին  զեկոյց կ՛ունենայ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ  յարաբերութիւններու քարտուղարը ՝գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

21 յունիսի աշխատանքային նիստը պիտի նուիրուի «Ներգաղթի պատճառով Եւրոպայի մէջ սփիւռք եւ մարտահրաւէրներ՝ հայող Եւրոպայի մէջ Արեւելեան եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հոգեւոր խնամքին» նիւթին։ Այս առթիւ ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց՝ Սուրբ Աթոռի մօտ Եւրոմիութեան դեսպանը, Տիար Եան Թոմպինսքին ու Վատիկանի Մարդկային Համապարփակ զարգացումի խթանումին բաժանմունքի անդամ՝ գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի։

Ուրբաթ 22 յունիսին ժողովականները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2018, 10:32