Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Աւստրալիոյ Commonwealth-ի կառավարիչը Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Աւստրալիոյ Commonwealth-ի կառավարիչը 

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչը. Հաղորդագրութիւն։

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Աւստրալիական ընկերութեան մէջ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդարարութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր՝ 25 յունիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց, Աւստրալիոյ «Commonwealth»ի ընդհանուր կառավարիչ Տիար Փիթեր Քոսկրովին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապյածռա Փօլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու քննարկուեցան հարցեր հայող գաղթականութեան ըլլայ համաշխարհային ըլլայ շրջանային գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններու հայող հարցեր։

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Աւստրալիական ընկերութեան մէջ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին, ինչպէս նաեւ մանուկներու եւ դիւրաբեկ անձերու պաշտպանութեան մասին, այս ծիրէն ներս վերանորոգելով եկեղեցւոյ բոլոր անդամներու  յանձնառումը։

Ի վերջոյ քննարկուեցաւ Երկրի ընկերային կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցան Ասիական եւ Խաղաղական տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան հարցերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2018, 14:00