Որոնել

Հայր Ներսէս Զապարեան Հայր Ներսէս Զապարեան 

Հայր Ներսէս Զապարեանը՝ Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ թեմին Առաքելական Հոգաբարձու։

«Վատիկան Նիուզ»ի հայկական բաժնի անձնակազմը կը մաղթէ բեղուն առաքելութիւն ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն ազգիս հայոց։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ՝ 23 Յունիս 2018-ին, ի շարս այլ նշանակումներու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պաղտատի Հայ Կաթողիկէներու թեմին որպէս Առաքելական Հոգաբարձու անուանեց Հայր Ներսէս վրդ. (ԺոզէՖ) Զապարեանը։

Հայր Զապարա ծնած է Հալէպ 6 Յունիս 1969-ին. Հալէպի նորընծայարանը յաճախած է 1990 մինչեւ 1992 որմէ ետք փոխադրուած է Հռոմ՝ Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարան, շարունակելու համար իր աստուածաբանական ու փիլիսոփայական մասնագիտութիւնը, զոր աւարտած է «Սուրբ Թովմաս Աքուինացի» Տոմինիքեան հայրերու Քահանայապետական համալսարանի մօտ։

31 Հոկտեմբեր 1999-ին, Հալէպի մէջ ձեռնադրուած է Քահանայ, ուր ապա շարունակած է իր հովուական ծառայութիւնը՝ նախ որպէս Սրբուհի Պարպարայի Եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ՝ 1999էն մինչեւ 2002, ապա որպէս դպրոցի տնօրէն 2002էն մինչեւ 2004, հուսկ որպէս Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ 2004էն մինչեւ 2016, երբ փոխադրուեցաւ Պաղտատ որպէս թեմական տեղակալ։

Բացի հայերէնէն ու արաբերէնէն ան կը խօսի նաեւ իտալերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։

«Վատիկան Նիուզ»ի հայկական բաժնի անձնակազմը շնորհաւորելով Հայր Ներսէս Զապարեանի նոր անուանումը, անոր կը մաղթէ բեղուն առաքելութիւն ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն ազգիս հայոց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2018, 14:34