Յովհաննէս ԻԳ Պապ Յովհաննէս ԻԳ Պապ 

Կիրակի 3 յունիսին կը նշուի Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապին մահուան 55-րդ ամեակը։

3 յունիս 1963-ին, իր մահկանացուն կը կնքէր՝ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Պապը։

Աւազանի անունով Անճելօ Ճուզեփփէ Ռոնքալլի՝Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետը ծնած էր 25 Նոյեմբեր 1881-ին Իտալիոյ Պէրկամօ քաղաքի` Սոթթօ Իլ Մոնթէ գիւղաքաղաքին  մէջ։ 28 Հոկտեմբեր 1958 ին ընտրուած է Տիեզերական Եկեղեցւոյ 261 –րդ Քահանայապետ` յաջորդելով Պիոս ԺԲ քահանայապետին։  Անոր կարճատեւ Քահանայապետութիւնը յատկանշուեցաւ յատկապէս Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի գումարումով որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 11 հոկտեմբեր 1962-ին որուն առթիւ Ռոնքալլի Քահանայապետը համայն Եկեղեցւոյ առաջարկեց ընթանալ ողորմութեան ու աշխարհի  հետ երկխօսութեան ճանապարհին վրայ։ Ան եղաւ նաեւ  «խաղաղութեան» ամենամեծ պաշտպանը ու Անոր միջամտութեան կը պարտինք  1962-ին՝ Քուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութեան կասեցումը։

Անճելօ Ռոնքալլի եղած է համբերատար` ընդունակ յաղթահարելու կեանքի բոլոր զրկանքներն ու փորձութիւնները:

Վարդապետ մըն էր` ազատ իր ասպարէզին յաւակնութիւններէ եւ ընդունակ սիրալիր համագործակցութեան: Իբրեւ Եպիսկոպոս եւ հետագային` իբրեւ Քահանայապետ, չափազանց կարեւորութիւն տուած է վարդապետներու մտային ու հոգեւոր կազմաւորումին, ինչպէս նաեւ աշխարհականներու կազմաւորումին` մղելով զանոնք պատասխանատու առաքելութեան մը:

Ռոնքալլիին համար հաւատալ կը նշանակէ վստահութեամբ յանձնուիլ Աստուծոյ սիրոյն, մշակել սիրալիր բարեկամական յարաբերութիւն Յիսուսի հետ` կատարեալ հնազանդութեամբ եւ խաղաղութեամբ առաջնորդուելով Սուրբ Հոգիէն:

 Ան զօրաւոր կերպով կապուած էր իր ծննդավայրի, մանկութեան բարեպաշտութիւններուն, Եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ վարդապետութեան: Սրբութեան հանդէպ իր ունեցած անձնական մօտեցումը կեդրոնացած էր Յիսուս Քրիստոսի եւ Անոր Խաչին վրայ:

Իր յայտնի օրագրութեան մէջ Յովհաննէս ԻԳ կը գրէ. «Պէտք եմ որդեգրել սուրբերու առաքինութիւններու էութիւնը, ոչ թէ պատահարները…Աստուած կ՛ուզէ որ հետեւելով սուրբերու օրինակին իւրացնենք առաքինութիւններու կենդանարար հիւթը` յարմարցնելով զայն մեր ընդունակութիւններուն եւ հանգամանքներուն: Գիտնալ մեր մէջէն ոչնչացնել ամէն ինչ որ աշխարհի առջեւ փառք կը համարուի եւ միշտ կուրծքի տակ կենդանի պահել Աստուծոյ հանդէպ մաքուր սիրոյ կրակը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2018, 08:15