Որոնել

Աղօթքով  միանանք Չինաստանի մեր կաթողիկէ եղբայրներուն։ Աղօթքով միանանք Չինաստանի մեր կաթողիկէ եղբայրներուն։ 

Չինաստանի եկեղեցւոյ համար աղօթքի օր. Քահանայապետին թուիթը։

Աղօթքով միանանք Չինաստանի մեր կաթողիկէ եղբայրներուն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր՝  Շեշանի «Քրիստոնէից օգնական» Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնին առթիւ, աղօթքով կը միանանք Չինաստանի մեր կաթողիկէ եղբայրներուն»։  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ Քահանայապետական թուիթըրեան կայքի վրայ՝ 24 մայիսին հրապարակած թուիթը, որով հաւատացեալներուն հրաւէր ուղղեց միանալու Չինաստանի կաթողիկէներուն ու անոնց հետ եւ անոնց համար աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած «որպէսզի նոյնիսկ դժուարութիւններուն մէջ անոնք կարողանան շարունակել վստահիլ եւ ապաւինիլ  Աստուծոյ կամքին», ինչպէս ըսած էր Սրբազան Քահանայապետը՝ 23 մայիսի  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2018, 09:08