Ով Սուրբ Հոգի դարձեալ իջիր մեր վրայ Ով Սուրբ Հոգի դարձեալ իջիր մեր վրայ 

«Ով Սուրբ Հոգի դարձեալ իջիր մեր վրայ» 20 մայիսի թուիթը։

Սուրբ Հոգի՝ Դուն որ յառաջ կը տանիս Եկեղեցին, դարձեալ իջիր մեր վրայ, մեզի սորվեցուր միութիւնը, նորոգէ մեր սրտերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 Մայիս 2018-ին տօնն է հոգեգալստեան, այսինքն այն օր երբ իրականացաւ Յիսուսին՝ աշակերտներուն տուած խոստումը «Իսկ Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգին, զոր Հայրը կ՛ուղարկէ իմ անունովս, Ան ձեզի ամէն բան կ՛ուսուցանէ և ձեզի կը յիշեցնէ այն ամէնը, որ Ես ձեզի ըսի»։

Պենտեկոստէի սոյն տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հայցեց Սուրբ Հոգիէն որ դարձեալ իջնէ մեր վրայ, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Յիսուսի աշակերտներուն, Անոր Յարութենէն յիսուն օրեր ետք, երբ վախի ու վրդովումի մէջ վերնատան մէջ համախմբուած էին, յանկարծ երկնքէն կը հնչէ ձայն մը` «սաստիկ հողմից եկած ձայնի նման» որ տունը լեցուց։ Անոնց երեւեցան բաժանուած լեզուներ` նման բոցեղէն լեզուներու, որոնք իջան իւրաքանչիւրի վրայ: Եւ բոլորը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով ու սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս որ Սուրբ Հոգին անոնց խօսիլ կու տար։» (Գործք 2:1-4):

«Սուրբ Հոգի՝ Դուն որ յառաջ կը տանիս Եկեղեցին, դարձեալ իջիր մեր վրայ, մեզի սորվեցուր միութիւնը, նորոգէ մեր սրտերը ու մեզ օգնէ սիրելու այնպէս ինչպէս մեզի սորվեցուց Յիսուս» գրեց Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած թուիթին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2018, 09:00