Որոնել

Ֆաթիմայի Սուրբ Կոյս, Քու հայեացքդ սեւեռէ մեր վրայ Ֆաթիմայի Սուրբ Կոյս, Քու հայեացքդ սեւեռէ մեր վրայ 

«Ֆաթիմայի Սուրբ Կոյս, Քու հայեացքդ սեւեռէ մեր վրայ» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Այսօր կը յիշատակուի Ֆաթիմայի Տիրամօր ծիսական տօնը եւ կը նշուի Հաղորդակցութեան Միջոցներու միջազգային 52-րդ օրը։

Կիրակի 13 մայիս 2018-ին  կը յիշատակուի Ֆաթիմայի Տիրամօր ծիսական տօնը եւ նոյն օրը կը նշուի Հաղորդակցութեան Միջոցներու միջազգային 52-րդ օրը։

Ֆաթիմայի Սուրբ կոյ Մարիամի տօնին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ Աստուածամօրմէ հայցեց որ իր հայեացքը ուղղէ մեր վրայ, մեր ընտանիքներուն ու համայն աշխարհի վրայ, ու պահապան կանգնի մեզի բոլորին.

«Ֆաթիմայի Սուրբ Կոյս, Քու հայեացքդ սեւեռէ մեր վրայ, մեր ընտանիքներուն վրայ, մեր հայրենիքն վրայ, աշխարհին վրայ» գրեց Սրբազան Քահանայապետը որ աւելի ուշ հրապարակած մէկ այլ թուիթին մէջ գրեց. «Կը հրաւիրեմ հաղորդակցութեան մասնագէտները խթանելու խաղաղութեան լրագրութիւն մը՝ ի ծառայութիւն բոլոր մարդոց, յատկապէս անոնց որոնք զուրկ են ձայնէ. #WorldCommunicationsDay»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2018, 08:00