Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2 Մայիսի թուիթը. «Սիրենք մեր Տիրոջ Յիսուսին նման»։

«Մեր Տէրը Յիսուս մեզի կը հաղորդէ իր սէրը որպէսզի մենք կարողանանք սիրել Աստուած ու մերձաւորը, այնպէս ինչպէս ինք մեզ սիրեց, իր կեանքը զոհելով մեզի համար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 2 մայիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ նշեց թէ Յիսուս մեզի իր սէրը կը հաղորդէ որպէսզի մեր կարգին՝ մենք եւս  ապրինք այդ սէրը օրինակ առնելով Յիսուսէն ու զայն հաղորդելով ուրիշներուն՝ նոյնիսկ կեանքի զոհաբերումով։

«Մեր Տէրը Յիսուս մեզի կը հաղորդէ իր սէրը որպէսզի մենք կարողանանք սիրել Աստուած ու մերձաւորը, այնպէս ինչպէս ինք մեզ սիրեց, իր կեանքը զոհելով մեզի համար» գրեց Սրբազան Քահանայապետը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/05/2018, 18:02