Որոնել

Կարդինալ Ճորճ Փելլ Կարդինալ Ճորճ Փելլ 

Սուրբ Աթոռի յայտարարութիւնը Կարդինալ Ճորճ Փելին դէմ բացուած դատ

Սուրբ Աթոռը հաշուի կ՝առնէ Աւստրալիայի դատական իշխանութեան որդեգրած որոշումը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 1 մայիս 2018ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Կրէկ Պուրք հրապարակեց յայտարարութիւն մը, հայող Աւստրալիոյ մէջ սեռային բռնութիւններու յանցանքով մեղադրուած  կարդինալ Փելի դէմ բացուած դատական հարցին մասին: 

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Սուրբ Աթոռը հաշուի կ՝առնէ Աւստրալիայի դատական իշխանութեան որդեգրած որոշումը, Հայող կարդինալ Ճորճ Փելին: Անցեալ տարի Սրբազան քահանայապետը կարդինալին թոյլատրեց հանգստեան ժամանակամիջոց մը՝ ինքզինք  պաշտպանելու համար յարուցուած մեղադրանքներէն,  սոյն դրութիւնը տակաւին ի զօրու է», դրուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2018, 10:02