ԵՀԽ քարտուղար Օլավ Թվէյթ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ԵՀԽ քարտուղար Օլավ Թվէյթ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ 

15 Մայիսին ներկայացում Քահանայապետին Ժընեւ կատարելիք այցելութեան։

21 յունիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղիին՝ ԵՀԽ հիմնադրութեան 70-րդ ամեակին առիթով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 21 յունիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատմական այցելութիւն մը պիտի կատարէ  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կեդրոնատեղիին որ կը գտնուի Ժընեւի մէջ։

Այցելութեան բնաբանն է «Համամիութենական ուխտագնացութիւն. Քալելով, աղօթելով եւ աշխատելով միասին»։ Այցելութեան կազմակերպչական մեքենան արդեն գործի լուծուած է եւ յառաջիկայ 15 մայիս 2018-ի կէսօրին, ԵՀԽ Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի ներկայացուի վերոնշեալ ուխտագնացութեան յայտագիրը։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան Կարդինալ Քիւրդ Քոխը՝ Քրիստոնեաներու Միութեան խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը, Վերապատուելի Օլավ Ֆիսք Թվէյթը, ԵՀԽ ընդհանուր քարտուղարը եւ գերապայծառ Մորերոտ՝ Լոզանի, Ժընեւի եւ Ֆրիպուրկի թեմերու եպիսկոպոսը։

Սրբազան Քահանայապետին սոյն այցելութիւնը կը զուգադիպի ԵՀԽ հիմնադրութեան 70-րդ ամեակին եւ պիտի հանդիսանայ համամիութենական կարեւորագոյն ձեռնարկը, որ պիտի ըլլայ նաեւ առիթ՝ ընդգծելու 70 տարուայ ընթացքին քրիստոնէական միութեան ուղիով ձեռք բերուած ճանապարհը ու այդ ուղեւորութեան ընթացքին ԵՀԽ դիմագրաւած ու ապագային դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2018, 09:22