Ֆրանչիսկոս Պապ  Հռոմի Լատերանեան եկեղեցւոյ մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի Լատերանեան եկեղեցւոյ մէջ  

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝եզրափակէ Հռոմի Թեմի «Հոգեւոր հիւանդութիւններ» ծրագիրը

Լուրը կը հաղորդէ Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոսը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 14 մայիս 2018-ին՝ յետմիջօրէին, Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ կ՝եզրափակուի Քառասնորդաց շրջանին սկիզբ առած «Հոգեւոր Հիւանդութիւններ» խորագիրով ծրագիրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի ներկայութեամբ:

Յիշեալ եզրափակիչ նիստին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս Անճելօ Տէ Տոնաթիսի գլխաւորութեամբ, տեղակալ եպիսկոպոսներ, քահանաներ, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ եւ հարիւրաւոր աշխարհականներ, որոնք կը գործեն ժողովրդապետութիւններու, հասարակութիւններու եւ այլ եկեղեցական իրականութիւններուն մէջ:

Հոգեւոր հիւանդութիւններ նիւթով ծրագրին եզրափակիչ արարողութեան ծիրէն ներս տեղի կ՝ունենայ աղօթք, ապա Հռոմի ժողովրդապետութիւններու աշխատանքներուն համառօտ ներկայացումը որմէ ետք ելոյթ պիտի ունենայ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը:

Յիշեալ ծրագրին եզրափակիչ արարողութեան լուրը հաղորդեց Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Անճելօ ՏԷ Տոնաթիսը,՝նամակներ յղելով Հռոմի թեմի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն նշելով, որ Հռոմի բոլոր ժողովրդապետութիւններու կողմէ քննարկուած «Հոգեւոր հիւանդութիւններ» ծրագրի աշխատանքներու համառօտութիւնը պիտի ներկայացուին ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի երկուշաբթի 14 մայիսին, Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք եզրափակիչ արարողութեան ընթացքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2018, 12:05