Որոնել

Հանդիպումի մշակոյթ Հանդիպումի մշակոյթ 

Ընկերային հաղորդամիջոցներու 52-րդ միջազգային օր (13 Մայիս) Քահանայապետը եւ խաղաղութեան լրագրութիւնը։

Լրագրութիւնը պէտք է միշտ յարգէ մարդու արժանապատուութիւնը» ու յառաջացնէ «հանդիպման մշակոյթ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Խթանել խաղաղութեան լրագրութիւն մը, մարդոցմէ՝ մարդոց համար կատարուած լրագրութիւն մը» այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրը, որ  պարունակուած է յառաջիկայ 13 մայիսին նշուելիք Ընկերային հաղորդամիջոցներու 52-րդ միջազգային օրուան առթիւ հրապարակած իր պատգամին մէջ, որ լոյս տեսաւ անցեալ 24 Յունուարին եւ որ հիմնականօրէն կեդրոնացած է ճշմարտութեան ու խաղաղութեան լրագրութեան վրայ, որ պէտք է դրուի ի ծառայութիւն բոլոր մարդոց ու յատկապէս անոնց որոնք «ձայն չունին»։  Լրագրութիւն մը որ յանձնառու ըլլայ ընտրանքային լուծումներ  առաջարկել  ի տես բռնութիւններու աճումին»:

2016-ի Ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ եւս Սրբազան Պապը ընդգծած էր լրագրութեան պատասխանատուութիւնը՝ յաղթահարելու համար անտարբերութիւնը ու կառուցելու խաղաղութիւնը, յատկապէս հրաւէր ուղղելով լրագրութեան աշխարհին, իրենք զիրենք դնելու ճշմարտութեան ծառայութեան եւ ոչ թէ շահերու ծառայութեան ի սպաս։ Այս ուղղութեամբ է որ Սրբազան Պապը 2 սեպտեմբեր 2016-ին, Իտալացի լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին հաստատած էր թէ «լրագրութիւնը պէտք է միշտ յարգէ մարդու արժանապատուութիւնը», ան երբեք պէտք չէ ըլլայ «մարդոց կամ ժողովուրդներու «կործանումի զէնք մը», այլ պէտք է ծառայէ կառուցելու որպէս գործիք հաշտութեան գործընթացքին, ու յառաջացնէ «հանդիպման մշակոյթը»։

Իսկ Յունիս 2017-ին Կաթոցիկէ Հաղորդակցական միջոցներու լրագրողներուն ուղղած մէկ պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղած էր անոնց որ «հաղորդակցութիւնը ներշնչէ յոյս, հասանելի որեւէ անձին, ճիշդ այդ վայրին մէջ ուր կեանքը կը ճանչնայ ձախողութեան դառնութիւնը»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2018, 11:56