Որոնել

Գերերջանիկ Ռասթիզլաւ Մետրոպոլիտը Գերերջանիկ Ռասթիզլաւ Մետրոպոլիտը 

11 մայիսին Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ընդունի գերերջանիկ Ռասթիզլաւ Մետրոպոլիտը։

Գերերջանիկ Ռասթիզլաւ Մետրոպոլիտին ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 2014 թուականին ու այս առաջին անգման է որ Ան կ՛այցելէ Վատիկանը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 11 մայիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  առաքելական պալատին մէջ կ՛ընդունի Չեխական հողերու եւ Զլովաքիոյ Մետրոպոլիտ՝ Փրոզովի Արքեպիսկոպոս գերերջանիկ Ռասթիզլաւը ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները։

Գերերջանիկ Ռասթիզլաւ Մետրոպոլիտին ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 2014 թուականին ու այս առաջին անգման է որ Ան կ՛այցելէ Վատիկանը։  Սոյն այցելութիւնը կը կայանայ Քրիստոնեաներու Միութեան խթանումին քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Քիւրդ Քոխին անցեալ հոկտեմբերին Պրաթիզլաւ կատարած այցելութեան որպէս փոխ-այցելութիւն։

Գերերջանիկ Ռասթիզլաւը Հռոմ ժամանեց 9 մայիսին եւ հիւրը հանդիսացաւ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի տան։ 10 Մայիսին՝  Ան Սան Քլեմենթէ պազիլիքայի Սուրբ Կիւրեղի դամբանին վրայ մատուցեց սուրբ պատարագ ապա այցելեց Սուրբ Պետրոսի, Աստուածամօր նուիրուած Մարիա Մաճճորէի եւ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքաները մինչ 11 Մայիսին ան հանդիպում կ՛ունենայ Կարդինալ Քիւրտ Քոխին հետ որմէ ետք առաքելական պալատ փոխադրուելով կը հանդիպի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։  

Յետմիջօրէին գերերջանիկ Ռասթիզլաւը կ՛այցելէ Սան Սեպանթիանօ անուամբ քրիստոնէական դամբանները, մինչ 12 մայիսին վերադարձ կը կատարէ իր նստավայրը։ 

Չեխական հողերու եւ Զլովաքիոյ ուղղափառ Եկեղեցին, մաս կը կազմէ՝ Բիւզանդական աւանդութեամբ  ուղղափառ 14 եկեղեցիներու ընտանիքին, հանդիսանալով անոնց միջեւ ամենափոքր ու ամենէ երիտասարդ եկեղեցին։ Եկեղեցին արդարեւ ունի  երկու Մետրոպոլիտական Խորհուրդ որուն կը նախագահեն Փրակայի եւ Փրեզովի Արքեպիսկոպոսները, ապա կան չորս թեմեր՝ երկուքը Զեխիոյ մէջ մինչ միւս երկուքը Սլովաքիոյ մէջ, ուր ժողովուրդին ծառայութիւն կը մատուցեն 200 քահանաներ։ Եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն 71 հազար հաւատացեալներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2018, 09:30