Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը 

Վատիկանի Հաւատոյ Ժողովի եւ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան նոր Փաստատուղթը

Դրամը պէտք է ծառայէ, եւ ո՛չ թէ իշխէ:

Վատիկանի Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովը եւ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան բաժանմունքը միասնաբար հրապարակած են փաստաթուղթը մը «Տնտեսական եւ դրամական հարցեր» խորագրով։ Փաստաթուղթը կը բովանդակէ ներկայ ժամանակի տնտեսական-դրամական դրութիւններու հայող քանի մը նկատառութիւններ, ուր կը շեշտուի, թէ տնտեսական եւ դրամական խնդիրները պէտք է ունենան յստակ «բարոյական հիմք»։ Նկատառութիւնները վաւերացուած են Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ, որ նաեւ հրահանգած է անոնց հրատարակութիւնը։

Փաստաթուղթը ներկայացուցած են Կարդինալ Փեթեր Քոտվօ Աբբիահ Թուրքսոն, կառավարիչ Մարդկային Համապարփակ Զարգացման Ծառայութեան բաժանմունքի, եւ Գերապայծառ Լուիս Ֆրանցիսքօ Լատարիա Ֆերրեր, ղեկավար Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի։ Լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուած են նաեւ տնտեսագէտ Լէոնարտօ Պեքքեթթի, Թոր Վերկաթա համալսրանի քաղաքական տնտեսութեան դասախօս եւ Լորենցօ Քափրիօ, Կաթողիկէ Համալսարանի ընկերակցական տնտեսութեան դասախօս։

Փաստաթուղթը կը յիշէ Ֆրանչիսկոս Պապի «Գովեալ լիցի» շրջաբերականը, նշելով, թէ ընկերութեան հանդէպ իրականացուած սէրը եւ հասարակաց բարիքին համար տարուած ջանքը ընկերսիրութեան վսեմ ձեւ մըն է, որ կը հայի ոչ միայն անհատներու միջեւ եղած յարաբերութեան, այլ նաեւ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու։ Վաւերական զարգացումի մը բանալին «սէրն է համապարփակ բարիքին, որ անբաժան է ճշմարտութեան հանդէպ եղած սէրէն։» Ասոր համար Եկեղեցին իր առաջնահերթ պարտականութիւններէն մին կը նկատէ բոլորին յիշեցնել բարոյական որոշ սկզբունքներ։

Ապա փաստաթուղթը կը կենդրոնանայ քանի մը կէտերու վրայ, յիշելով, թէ աշխարհ տակաւին կը կառավարուի հնացած չափանիշերով, մինչ տնտեսական վերջին տագնապները կրնային առիթ հանդիսանալ՝ զարգացնելու նոր տնտեսութիւն մը, որ աւելի ուշադիր ըլլայ բարոյական սկզբունքներու։ Սակայն այսօր կայ անհանդուրժելի երեւոյթ մը՝ չարաշահումը։ Ցաւալի է այս երեւոյթը, երբ մարդիկ կը չարաշահեն իրենց իշխող դիրքը շահոյթի համար, ծանրապէս տագնապեցնելով ոչ միայն անհատներ, այլ ամբողջ երկիրներ։ Մեղադրելի է նաեւ թափոնային մշակոյթը, ուր մարդիկ միշտ աւելի կը մղուին դէպի աշխարհի լուսանցքներուն վրայ եւ կամ ընդհանրապէս դուրս կը ձգուին իսկական յառաջդիմութենէ եւ բարեկեցութենէ, մինչ քանի մը փոքրամասնութիւններ կը չարաշահեն եւ իրենք իրենց կը վերապահեն հսկայական միջոցներ եւ հարստութիւններ՝ անտարբեր կեցուածք ցուցաբերելով մեծամասնութեան վիճակին հանդէպ։ Սակայն անհատապաշտութիւնը բոլորին վճարել կու տայ բարձր գին մը։ Պէտք է ընդլայնել մտքի եւ սրտի հորիզոնները, ճանչնալու համար այն ինչ որ կու գայ ճշմարտութեան եւ բարիի պահանջքներէն։ Տնտեսութիւնը պէտք չէ դիտել իբր իշխանութեան գործիք այլ՝ ծառայութեան. դրամը պէտք է ծառայէ, եւ ո՛չ թէ իշխէ։

Փաստաթուղթը կոչ կʼուղղէ իրաւասու եւ պատասխանատու անհատներու, որ մշակեն տնտեսութեան եւ դրամային կիրարկումի նոր կերպեր, որոնց իրականացումը եւ կանոնները ուղղուած ըլլան հասարակաց բարիքի յառաջդիմութեան եւ ըլլան յարգալիր մարդու արժանապատուութեան հանդէպ։ Երբ տնտեսականութիւնը չէ հիմնուած մարդաբանական եւ բարոյական սկզբունքներու վրայ, ոչ միայն յառաջ կը բերէ աղաղակող չարաշահումներ եւ անարդարութիւն, ալ կարող է ստեղծել ճգնաժամեր՝ միջազգային տարողութեամբ։

Փաստաթուղթը կʼաւարտէ խրախուսելով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ շատ բան կատարել, մանաւանդ եթէ չմնայ առանձին։ Այս իմաստով, բազմաթիւ ընկերակցութիւններ որոնք յառաջ կու գան քաղաքային ընկերութենէն, կը ներկայացնեն խղճի եւ ընկերային պատասխանատուութեան վերապահում։ Բոլորս կանչուած ենք, որպէս լաւ կեանքի մը պահակները, հսկողութիւն կատարելու եւ վերածուելու ընկերային նոր դերակատարութեան թարգմաններու, մեր արարքները ուղղելով հասարակաց բարիքի փնտռտուքին եւ հիմնելու զայն զօրակցութեան եւ օժանդակային կեցուածքի ամուր սկզբունքներու վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2018, 16:58