Որոնել

Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը 

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօն։ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Սուրբ Հաղորդութեան մէջ ներկայ է Յիսուսին խօսքերուն ու արարքներուն համը, անոր Զատկուայ համեմը ու Անոր Հոգւոյն բուրմունքը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան


Հինգշաբթի, 31 Մայիս 2018-ին, Եկեղեցին կը յիշատակէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի՝ Մարմնոյ եւ Արեան տօնը։ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատուած է նոյնինքն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ, վերնատան մէջ, վերջին ընթրիքի պահուն, որ կը յիշատակուի Զատկուայ շրջանի` Աւագ հինգշաբթի օրը երեկոյեան։

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուեցաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրպանիոս Քահանայապետի օրով` 1264-ին, ան հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։ Գրիգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) սկիզբ առաւ տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` Հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ 1870-ին սոյն աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրեցաւ` եւ միայն 1979-ին է որ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետը զայն վերահաստատեց ու մինչեւ օրս կը շարունակուի։ Ֆրանչիսկոս Պապը սակայն 2017-ին որոշեց տօնակատարութիւնը փոխադրել կիրակի օրուայ, եւ այս տարի, փոխանակ հռոմի մէջ կատարելու զայն, պիտի փոխադրուի Հռոմի ծովեզերեան Օսթիա շրջանը ու Պօղոս Զ Քահանայապետի հետքերուն հետեւելով՝ կիրակի 3 յունիսի յետմիջօրէին, այնտեղ պիտի տօնախմբէ Սուրբ Հաղորդութեան տօնը։

Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ, հինգշաբթի 31 մայսի 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը, որուն մը որուն մէջ հաստատեց թէ «Սուրբ Հաղորդութեան մէջ ներկայ է Յիսուսին խօսքերուն ու արարքներուն համը, անոր Զատկուայ համեմը ու Անոր Հոգւոյն բուրմունքը»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2018, 13:30