Որոնել

Լոյս Լոյս 

Ամենասուրբ Երրորդութեան տօնի առթիւ Քահանայապետի թուիթը:

Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդը մեզ կը մղէ ապրելու հաղորդութեան ու սիրոյ մէջ

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 27 մայիս 2018-ին, եկեղեցին կը նշէ Ամենասուրբ Երրորդութեան տօնը։ Սոյն տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդը մեզ կը մղէ ապրելու հաղորդութեան ու սիրոյ մէջ։

«Սուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը մեզ կը հրաւիրէ ապրելու հաղորդութեան մէջ, սիրոյ եւ եղբայրական բաժնեկցութեան մէջ, այն վստահութեամբ թէ այնտեղ ու կայ սէր, կայ Աստուած» գրեց Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2018, 08:00