Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Աւետարանը յաճախ կոչ է անհանգստաւէտ կեանքի» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ան որ Յիսուսին կը հետեւի կը սիրէ հեզերն ու աղքատները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 26 մայիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ ընդգծեց Աւետարանի կոչումին պայմանը՝ որ է ապրիլ «անհանգստաւէտ կեանք մը», որովհետեւ - գրեց Նորին Սրբութիւնը – «Ան որ Յիսուսին կը հետեւի կը սիրէ հեզերն ու աղքատները», աղքատներ որոնք ժամանակակից աշխարհի մէջ կ՛անհանգստացնեն բազմաթիւ խիղճեր։

«Աւետարանը յաճախ մեզ կը կոչէ անհանգիստ կեանքի մը՝ որովհետեւ Ան որ Յիսուսին կը հետեւի կը սիրէ աղքատներն ու հեզերը» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2018, 13:30