Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 15 մայիսի թուիթը

Աղօթենք դժուարութիւններու մէջ գտնուող ընտանիքներուն համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 15 մայիս 2018-ին, կը նշուի ընտանիքի միջազգային 24-րդ օրը, «ներառական ընտանիքներ եւ ընկերութիւններ» խորագիրով, որ հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ:

Այս առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթերեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակած թուիթին մէջ հրաւէր կ՝ուղղէ յատուկէն աղօթելու դժուարութիւններուն մէջ ապրող ընտանիքներուն համար, որպէսզի Տէրդ զօրաւիգ կանգնի անոնց  կը գրէ Քահանայապետը ընդգծելով, թէ ընտանիքը ապագային յոյսն է:

«Ընտանիքը ապագայի յոյսն է:Յատուկէն աղօթենք մեծ դժուարութիւններէ անցնող ընտանիքներուն համար, որպէսզի Տէրը զօրակցի անոնց»: Գրեց ֆրանչիսկոս Պապ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2018, 13:30