Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ  

Ֆրանչիսկոս Պապին՝ բռնարարքներու զոհ Չիլէցի քահանաներուն հետ հանդիպումները կը շարունակուին։

Գերապայծառ Շիքլունա եւ գերապյածռա Եորտի Պերթոմէոն, նոր առաքելութեամբ պիտի մեկնին Չիլէ

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ այս շաբաթավերջին, Սրբազան Քահանայապետը Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ պիտի ընդունի Չիլէի բռնաբարումի զոհ քահանաներու երկրորդ  խումբ մը։

Անոնք զոհ եղած են Հայր Ֆերնանտօ Քարատիմային ու անոր հետեւորդներուն։ Այդ քահանաներէն հինգը՝ թիրախ եղած են իշխանութեան, խղճի ու սեռային բռնարարքներու։ Անոնց պիտի ընկերանան այլ երկու քահանաներ՝ որոնք թիկունք կանգնած են բռնաբարուած քահանաներուն, ու այլ  երկու աշխարհականներ որոնք իրենց կարգին թիրախ եղած են Հայր Քարատիմային։

Մամլոյ գրասենեակին  հրապարակած հաղորդագրութիւնը ապա կը նշէ թէ «յառաջիկայ օրերուն, շարունակելով բռնաբարութեան զոհերու հարցերու քննարկումի ու այդ հարցերու լուծում գտնելու գործընթացը, Գերապայծառ Շիքլունա եւ գերապյածռա Եորտի Պերթոմէոն, նոր առաքելութեամբ պիտի մեկնին Չիլէ այս անգամ Օսորնօ Թեմ՝ տեղւոյն վրայ քննարկելու հարցերը։

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ թէ Սրբազան Քահանայապետը ինքնագիր նամակ մը պիտի յղէ Չիլէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահին, ուղղուած Աստուծոյ Ժողովուրդին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2018, 10:23