Որոնել

Pellegrinaggio Ecumenico di Francesco a Ginevra Pellegrinaggio Ecumenico di Francesco a Ginevra 

Ֆրանչիսկոս Պապի Ժընեւ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ներկայայացում:

Լոյս տեսաւ Նորին Սրբութեան Ժընեւ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 15 մայիս 2018-ին, կէսօրին, Ժընեւի եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը կատարուեցաւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 21 յունիս 2018ին, ժընեւ կատարելիք համամիութենական բնոյթով միջազգային առաքելական ճամբորդութեան:

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ ունեցան Քահանայապետական քրիստոնեաներուն միութեան խթանման խորհուրդի նախագահ կարդինալ Քուրդ Քոխը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար վերապատուելի Օլավ Ֆիքս Թվեյթէ ինչպէս նաեւ Լոզանի թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Շարլ Մորերոտ:

Այս առթիւ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ հրապարակեց վերոնշեալ ուխտագնացութեան նշանաբանն ու խորագիրը:

Նշաբանին մէջ եկեղեցին պատկերացուած է աշխարհի ծովու վրայ նաւակի նման, որուն կեդրոնական սիւնը խաչն է եւ որուն վրայ գրուած է oikoumene գրութիւնը, որմէ յառաջ կու գայ “ecumenico”, եզրը եւ որ կը նշանակէ «բնակուած ամբողջ երկիրը»:

Նշանաբանին մօտ զետեղուած է հետեւեալ գրութիւնը «Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համամիութենական ուխտագնացութիւն։ Քալել, աշխատիլ եւ աղօթել միասին»Ժընեւ 21 յունիս 2018։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2018, 12:04