Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլէ այցելութեան ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլէ այցելութեան ժամանակ 

Ֆրանչիսկոս Պապ 15-էն-17 մայիսին պիտի հանդիպի Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրաենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումի մասին:

Վազգէն Աբարդեան -Վատիկան 

Շաբաթ, 12 մայիս 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց նոր հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ տեղեկացուց թէ ֆրանչիսկոս Պապ յառաջիկայ 15-էն – 17 մայիս 2018-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ փոքրիկ դահլիճին մէջ պիտի հանդիպի Չիլէի եպիսկոպոսներուն։ Սոյն հանիպումը կը նկատուի անցեալ 8 ապրիլին Նորին Սրբութեան Չիլէ Եպիսկոպոսներու հետ ունեցած հանդիպումին յաջորդը, որուն ընթացքին Քահանայապետը անդրադառնալով Չիլէի մէջ կղերականներու կողմէ կատարուած սեռային բռնութիւններուն, անհրաժեշտ նկատած է ուսումնասիրել անոնց պատճառներն ու հետեւանքները ինչպէս նաեւ այն զոհերուն նկատմամբ կատարուած յանցագործութիւնները թաքցնելու գործողութիւնները։

Ունկդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ այդ հանդիպումներու կը մասնակցին 33 եպիսկոպոսներ ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը կարդինալ Մարք Ուելլէն։

«Այս «սիւնհոդասական երկար գործընթացքի» նպատակն է, Աստուծոյ ներկայութեամբ, միասնաբար զատորոշել, բոլորին եւ իւրաքանչիւրին պատասխանատուութիւնը՝ այս ահռելի վէրքերուն դիմաց, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել յարմար եւ մշտական փոփոխութիւններ, որոնք արգելք կը հանդիսանան այսպիսի միշտ դատապարտելի արարքներոուն կրկնութեան» գրուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ ուր ապա հաստատուած է թէ «հարկաւոր է վերականգնեցնել Եկեղեցւոյ նկատմամբ վստահութիւնը բարի հովիւներու միջոցաւ, որոնք իրենց կեանքի ապրումով վկայեն թէ ճանչցած են Բարի Հովիւին ձայնը ու գիտնան առաջնորդել զոհերու տառապանքը ու վճռակամ եւ ժրաջան կերպով աշխատին կանխարգիլելու համար մանկամոլութիւնները։

Հաղորդագրութեան աւարտին՝ Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով եպիսկոպոսներուն, նորոգած է իր խնդրանքը ուղղուած Չիլէի Աստուծոյ Ժողովուրդին շարունակելու իր աղօթքները ի սպաս բոլորին ապաշխարութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2018, 13:25