Որոնել

Ջախջախուած օդանաւը Ջախջախուած օդանաւը  

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը՝ Հապանայի օդանաւային արկածին ի լուր։

Քահանայապետը կը հայցէ «Աստուածային ողորմութիւնը յաւիտենական կեանքի համար».

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 19 մայիս 2018-ին, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Սրբազան Քահանայապետին յղեց ցաւակցական հեռագիր մը՝ Քուպայի եպիսկոպոսական համահաւաքդ դասի նախագահ՝ գերապայծառ Տիոնիզիօ Կուլիերմօ Կարսիա Իպանեսին, որուն մէջ արտայայտեց Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը ի լուր Հապանայի Խոսէ Մարթի օդակայանին մօտ տեղի ունեցած օդանաւային արկածին որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր, որոնք համար Սրբազան Քահանայապետը «կը հայցէ Աստուածային ողորմութիւնը յաւիտենական կեանքի համար». մինչ մօտիկութիւն կ՛արտայայտէ վիրաւորներուն։
Կարդինալ Փարոլին ապա գերապայծառ Ւպանեսէն խնդրած է որ զոհերու ընտանիքներուն ու հարազատներուն փոխանցէ Սրբազան Քահանայապետին մօտիկութեան զգացումները, ինչպէս նաեւ Անոր աղօթքները ի սպաս Աստուածային մխիթարութեան ու քրիստոնէական յոյսի պարգեւներուն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2018, 13:03