Մարիամ Մայր Եկեղեցւոյ Մարիամ Մայր Եկեղեցւոյ 

«Եկեղեցւոյ Մայր» Սուրբ Կոյս Մարիամի ծիսական տօնը։

Մարիամ քնքուշ Մայր է, խոնարհ, աղքատ ինչքերով սակայն հարուստ սիրով, ազատ մեղքէն, միացած Յիսուսին, ու իր սրտին մէջ կը պահպանէ Աստուած ու կեանքին մէջ պահապան է մերձաւորին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 3 մարտ 2018-ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կամքով Աստուածային պաշտամունքի Ժողովի կողմէ՝ հրապարակուած "Ecclesia Mater" հրամանագիրով,  հաստատուեցաւ «Եկեղեցւոյ Մայր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի» ծիսական տօնը, որ ամէն տարի պիտի նշուի Պենտեկոստէի յաջորդ երկուշաբթի օրը՝ եւ այս տարի կը զուգադիպի 21 մայիսին։

Սոյն ծիսական տօնին նպատակն է «խթանել Եկեղեցւոյ մայրական իմաստի աճը, հովիւներու, կրօնաւորներու ու հաւատացեալներու մէջ, այնպէս ինչպէս խթանել նաեւ Մարեմեան պաշտամունքը»։

Քահանայապետին ջերմեռանդութիւնը հանդէպ Տիրամօր² նորութիւն մը չէ եւ ունի խոր արմատներ։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ, հազիւ Քահանայապետ ընտրուած այցելելով  Պրազիլը՝ 2013-ին, ԵՀՕ առիթով, Ափարեսիտայի Տիրամօր Պազիլիքային մէջ հաստատած է «Եկեղեցին երբ կը փնտռէ Քրիստոսը, միշտ կը բախէ անոր Մօր տան դուռը խնդրելով «Ցոյց տուր մեզի Յիսուսը» եւ Անորմէ կը սորվի իսկական աշակերտութիւնը։ Ահա թէ ինչու եկեղեցին իր առաքելութիւնը կը կատարէ Մարիամի հետքերուն հետեւելով»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, իր նախորդներուն հետ միասին, միշտ ապաւինած է Տիրամօր բարեխօսութեան, Ան արդարեւ կը հաստատէ թէ  «մեր հաւատքի ուղեւորութիւնը կաշկանդուած է Մարիամին, այն պահէն երբ Յիսուս՝ Խաչին վրայ, զայն մեզի ընծայեց որպէս Մայր»։ Իսկ 28 յունիս 2014-ին Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին մօտ՝ Հռոմի Թեմի երիտասարդները ողջունելով, Սրբազան Քահանայապետը, հաստատած է «Քրիստոնեայ մը առանց Մարիամի, որբ է։ Որբ է նաեւ առանց Եկեղեցւոյ»։ Մինչ այլ առիթով հաստատած է թէ «այնտեղ ուր Մարիամ բնակութիւն հաստատած է  սատանան չի կրնար մուտք գործել» ու աւելցուցած «Որովհետեւ Մարիամ քնքուշ Մայր է, խոնարհ, աղքատ ինչքերով սակայն հարուստ սիրով, ազատ մեղքէն, միացած Յիսուսին, ու իր սրտին մէջ կը պահպանէ Աստուած ու կեանքին մէջ պահապան է մերձաւորին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2018, 09:51