Քահանայապետը աղքատներու հետ Քահանայապետը աղքատներու հետ 

Աղքատներ կը մասնակցին Հռոմի «Golden Gala» մարզական ձեռնարկին։

«Ձեռնարկին նպատակն է այդ եղբայրներուն ու քոյրերուն նուիրել տօնական ու բարեկամութեան գեղեցիկ երեկոյ մը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աղքատներ, տնանկներ, գաղթականներ եւ կարիքաւորներ, յառաջիկայ 31 մայիս 2018-ին, կարելիութիւնը պիտի ունենան մասնակցելու Հռոմի ողիմպիական դաշտին մէջ նախատեսուած «Golden Gala» մարզական միջազգային ձեռնարկին» Լուրը կը հաղորդէ Քահանայապետական Ողորմաբաշխութեան գրասենեակը որ կը նշէ թէ այս մէկը կարելի եղաւ շնորհիւ մարմնամարզութեան Իտալական դաշնակցութեան որ, ձրի տեղեր ապահովեց «Քահանայապետի աղքատներուն», որոնց պիտի ընկերանան Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան կամաւորները ինչպէս նաեւ Վատիկանի մարմնամարզութեան ու այլ մարզական խումբերու անդամներ։

«Ձեռնարկին նպատակն է այդ եղբայրներուն ու քոյրերուն նուիրել տօնական ու բարեկամութեան գեղեցիկ երեկոյ մը, վերահաստատելով հիւրընկալութեան ու զօրակցութեան արժէքները» գրուած է միշտ Քահանայապետական ողորմաբաշխութեան գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր նաեւ նշուած է թէ՝ երեկոյթի ընթացքին բոլոր հիւրերուն պիտի հրամցուի նաեւ ընթրիք մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2018, 08:58