Որոնել

Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի գմբէթը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի գմբէթը  

Քահանայապետի ի նպաստ «Centesimus Annus» հիմնարկի 25-րդ ամեակը։

Հիմնարկը ստեղծուած է Յովհանէս Պօղոս Բ Սուրբ Քահանայապետի կողմէ, 1993-ին հրապարակուած ինքնագիր նամակով մը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

24-26 Մայիս 2018-ին, Հռոմի  «Քանչելլերիա» պալատին ներքոյ, Քահանայապետի ի նպաստ «Centesimus Annus» հիմնարկի հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով  տեղի կ՛ունենայ միջազգային գիտաժողով մը, որուն բնաբանն է «Քննարկում թուային դարաշրջանի նոր քաղաքականնութիւննրու ու կեանքի ապրելակերպերու մասին»։

Նշենք թէ հիմնարկը ստեղծուած է Յովհանէս Պօղոս Բ Սուրբ Քահանայապետի կողմէ, 1993-ին հրապարակուած ինքնագիր նամակով մը։

Գիտաժողովի ծիրէն ներս՝ շաբաթ 26 մայիսին, մասնակցողները պիտի փոխադրուին Վատիկան ուր տեղի պիտի ունենայ արտակարգ նիստ մը որ պիտի նախագահէ Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որուն առթիւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա պիտի ներկայացնէ «Քրիստոնէական միասնական օրակարգ մը ի նպաստ հասարակաց բարիքին» նիւթով զեկոյց մը։ Նիստի աւարտին նախատեսուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպում։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2018, 08:45