Որոնել

Կարդինալ  Քասթրիլլօ Հոյոս Կարդինալ Քասթրիլլօ Հոյոս 

Ոչ եւս է կարդինալ Քասթրիլլօ Հոյոսը. Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը

Նորին Սրբութիւնը մեծ երախտագիտութեամբ կը յիշէ հանգուցեալին եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 18 մայիս 2018-ին, Կարդինալ Քասթրիլլօ Հոյոսի մահուան ի լուր, ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցագիր մը յղեց Կարդիանալական դասի աւագ երէց՝ Կարդինալ Անճելօ Սոտանոյին, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնը յայտնեց կարտինալին, հանգուցեալին հարազատներուն ու անոր բոլոր սիրելիներուն:

Ցաւակցագիրին մէջ Սրբազան Հայրը մեծ երախտագիտութեամբ յիշեց հանգուցեալին Եկեղեցեւոյ մատուցած վեհանձն ծառայութիւնը, Սուրբ Աթոռի հետ ունեցած թանկարժէք համագործակցութիւնը՝ յատուկէն քահանայապետական կղերի ժողովի որպէս կառավարիչ :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ապահովեցնելով իր աղօթքը առ Աստուած հանգուցեալին հոգիին յաւիտենական խաղաղութաեան համար ցաւակցագիրը աւարտած շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները բոլոր անոնց որոնք կը ողբան Աւետարանի ծառայ Կարդինալ Քասթրիլլօ Հոյոսի մահուան լուրը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/05/2018, 15:26