Որոնել

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի 

Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին այցը Լիբանան։

Այցելութիւնը կ՛աւարտի 13 մայիսին Կարդինալ Սանտրիին Հարիսայի մէջ նախագահած սուրբ պատարագով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արեւելեան Երեկեցիներու ի նպաստ Ժողովը հրապարակեց հաղորդագրութիւնը մը որուն մէջ յայտնեց թէ Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի,  այս օրերուն կը գտնուի Լիբանանի մէջ, ուր ժամանեց 10 մայիսի երեկոյեան ու նոյն օրը հանդիպում ունեցաւ Մարոնիներու Պատրիարք՝ Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռայիին հետ ինչպէս նաեւ Մարոնի եպիսկոպոսներու ու միաբանութիւններու մեծաւորներուն հետ։

11 Մայիսին Ծիրանաւորը հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ծառայող օտար երկիրներու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, ապա այցելեց Հարիսաի Մելքիթներու սրբավայրը որմէ ետք ուղղուեցաւ Սան Շարպելի Սրբավայր ուր մատուցեց Սուրբ պատարագը։

Շաբաթ 12 մայիսին, Կարդինալ Սանտրին կ՛այցելէ  Սուրի մէջ գտնուող Շարլ Տը Ֆուքոյի փոքրիկ քոյրերու վանքը ապա հանդիպում կ՛ունենայ տեղական Մարոնիթ ու Մելքիթ եպիսկոպոսներուն ու կղերին հետ, եւ յետմիջօրէին Մակտուշէի   Յոյն Մելքիթ Սրբավայրին մէջ կը նախագահէ սուրբ պատարագի արարութեան։

Կիրակի 13 մայիսին Արեւելեան Եկեղեցիներու ի նպաստ Ժողովի Կառավարիչը, Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ միասին, Հարիսայի Աստուածամօր նուիրուած սրբավայրին մէջ կը մատուցէ սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին բացումը կը կատարուի նաեւ՝ Արժանթինի պաշտպան Սրբուհի՝  Լուժանի Տիրամօր արձանին, որպէս բարեկամութեան նշան Լիբանանի եւ Ֆրանչիսկոս Պապին ծննդավայր Արժանթինի միջեւ, ուր ներկայ է նաեւ մեծ քանակով լիբանանեան գաղութ մը։

Կարդինալ Սանտրիին վերադարձը  Հռոմ նախատեսուած է կիրակի 13 մայիսի երեկոյեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2018, 09:33