Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակ  

Հաւատոյ եւ մարդկային համապարփակ խթանման ժողովներուն նոր փաստաթուղթին ներկայացումը

ժամանակակից ֆինանսական համակարգի կարգ մը երեւոյթներուն շուրջ, բարոյական զատորոշումի մը նկատառումներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 17 մայիս 2018-ին, Վատիանի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ Հաւատոյ ժողովի եւ մարդկային համապարփակ խթանման ժողովի «Oeconomicae et pecuniariae quaestiones» փաստաթուղթին, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած են ժամանակակից տնտեսական եւ ֆինանսական համակարգի կարգ մը երեւոյթներուն շուրջ, բարոյական զատորոշումի մը նկատառումներուն: Փաստաթուղթին ներկայացումին ելոյթ ունեցան մարդկային համապարփակ ծառայութեան ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Փիթեր Քոտովօ Ափփիա Թուրքսոնը, Հաւատոյ ժողովի կառավարիչ՝ գերապայծառ Լատարիա Ֆերրերը, Հռոմի Թոր Վերկաթա Համալսարանի դասատու Լեոնարտօ Պեքքեթթին ինչպէս նաեւ Միլանոյի կաթողիկէ համալսարանի դասատու Լորենցօ Քաբրիոն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2018, 11:00