Որոնել

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլին. կասեցնել համացանցի մէջ մանուկներուն դէմ բռնութիւնները

Արժանավայել եւ զօրաւիգ զարգացում մը կարելի է իրականացնել միայն այն ժամանակ երբ մանուկները դառնան ուշադրութեան կեդրոն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլին պատգամ մը յղած է «ոճիրներուն կանխարգիլում եւ քրէական արդարութիւն» յանձնախումբի Վիեննայի մէջ գումարած 27 ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն, որուն նիւթն է «համացանցային ոճրագործութիւնը»

Պատգամին մէջ ծիրանաւորը դրական նկատելով արհեստագիտական յաջողութիւնները զգուշացուած է չթերագնահատել թուային նոր աշխարհի խաւար կողմերը, ընդգծելով այդ բացասական երեւոյթներուն ամէն վտանգաւորը, որ է ոճրագործական արարքներուն նոր ձեւերու տարածումը կամ ալ անոնց վաղեմի ձեւերը՝ կիրակուած նոր հզօրային միջոցներով:

Կարդինալ Փարոլին վերոնշեալ յանձնախումբին անդամներուն որպէս շտապ եւ հրամայական պարտականութիւն համարած է հակազդել վերոնշեալ բացասական եւ վտանգաւոր երեւոյթներուն, ընդգծելով որ «բոլորս պէտք ենք մտահոգուիլ, որ համաշխարհային զարգացումը խթանէ աշխարհ եկող իւրաքանչիւր անձի արժանապատուութիւնը, որպէսզի այդ անձը համերաշխ եւ առողջ կերպով աճի ՝ըլլայ հոգեպէս ըլլայ մարմնապէս, զինք ընկալող եւ պաշտպանող ընկերութեան մէջ»:

Կարդինալ Փարոլին պատգամին մէջ ապա Ֆրանչիսկոս Պապին համոզմունքը յայտնած է այն գծով որ արժանավայել եւ զօրաւիգ զարգացում մը կարելի է իրականացնել միայն այն ժամանակ երբ մանուկները՝ որոնք վաղուան մարդկային ընտանիքն են , դառնան ուշադրութեան կեդրոն եւ պաշտպանուած ըլլան իրենց աճումին մէջ» այս ծիրէն ներս ապահովեցնելով նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Աթոռի յանձնառումը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2018, 12:41