Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Չիլէի եպիսկոպոսները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Չիլէի եպիսկոպոսները 

Չիլէի եպիսկոպոսները իրենց հրաժարականը յանձնեցին Ֆրանչիսկոս Պապին։

«Անգամ մը եւս կը հայցենք զոհերու ներողութիւնը ու անոնց օգնութիւնը, շարունակելու համար սկիզբ առած «վէրքերու դարմանման ուղեւորութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիան

Ուրբաթ 18 մայիսի առաւօտեան, Հաղորդակցութեան Քարտուղարութեան լսարանին մէջ, Չիլէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր Քարտուղար՝ գերապայծառ Ֆերնանտօ Ռամոս, գերապայծառ Խուան Ւնիացիօ Կոնազելէսի հետ միասին, լրագրողներու ներկայութեամբ, յանուն Չիլէի եպիսկոպոսներուն, ընթերցեցին յայտարարութիւն մը՝  բացատրելով նաեւ անոր իմաստն ու պարունակութիւնը։ Անոնք նշեցին, թէ Սրբազան Քահանայապետին հետ երեք օր տեւող հանդիպումներէն ու հետեւելով Քահանայապետի թելադրանքներուն՝ խորհրդածութեան եւ աղօթքի բազմաթիւ ժամերէ ետք, Չիլէի եպիսկոպոսները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ֆրանչիսկոս Պապին հայրական մօտիկութեան ու եղբայրական խրատներուն համար։ Բայց եւ ամենէն առաջ ներողութիւն կը խնդրեն զոհերուն պատճառած տառապանքին համար։  «Կը հայցենք Քահանայապետին, Աստուծոյ ժողովուրդին եւ երկրին ներողամտութիւնը, գործուած ծանր սխալներուն ու բացթողումներուն համար» կը գրեն եպիսկոպոսները ապա շնորհակալութիւն կը յայտնեն նաեւ զոհերուն՝ անոնց յարատեւութեան ու քաջութեան համար, հակառակ որ անոնք դիմագրաւեցին անձնական, հոգեկան, ընտանեկան ու ընկերային հարցեր ու յատկապէս եկեղեցական հասարակութեան անհասկացողութիւնն ու յարձակումները։   

«Անգամ մը եւս կը հայցենք անոնց ներողութիւնը ու անոնց օգնութիւնը, շարունակելու համար սկիզբ առած «վէրքերու դարմանման ուղեւորութիւնը» կը գրեն միշտ եպիսկոպոսները իրենց հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշելով նաեւ թէ Սրբազան Քահանայապետին  յանձնեցին իրենց հրաժարականները, որպէսզի Ան ազատօրէն որոշէ անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար ուղիղ քայլը։

«Սրբազան Քահանայապետին հետ հաղորդութեան մէջ կ՛ուզենք վերահաստատել արդարութիւնը ու սատարել պատճառուած վնասի վերականգնումին, Չիլէի եկեղեցւոյ մարգարէական  առաքելութեան պարգեւելու համար նոր սլացք մը, որուն կեդրոնը պէտք էր միշտ ըլլալ Քրիստոսը։ Մենք կը փափաքինք որ Քրիստոսին դիմագիծը դարձեալ փայլի մեր եկեղեցւոյ մէջ ու հեզութեամբ եւ յոյսով բոլորէն կը խնդրենք որ մեզի օգնեն, քալելու համար այդ ճանապարհին վրայ» կը գրեն եպիսկոպոսները հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Նշենք թէ վերոնշեալ յայտարարութիւնը պտուղն է՝  Չիլէի եպիսկոպոսներու ու Քահանայապետի միջեւ կայացած  երեք օրուայ հանդիպումներուն որոնց ընթացքին միասնաբար քննարկեցին Չիլէի եկեղեցւոյ ներքոյ անցեալին տեղի ունեցած մանկապղծութեան ու սեռային չարաշահումներու հարցերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2018, 09:02