Որոնել

Քոյր Լեոնելլա Զկորպաթի Քոյր Լեոնելլա Զկորպաթի 

Երանելի կը հռչակուի քոյր Լեոնելլա Զկորպաթին:

Տիեզերական եկեղեցին կ՝ունենայ նոր երանելի մը, Քոյր Լեոնելլան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 26 մայիս 2018-ին, Իտալիոյ Փիաչենցա քաղաքին մէջ երանելի կը հռչակուի քոյր Լեոնելլա Զկորպաթին՝ ձեռամբ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթոյին:

Քոյր Ռոզա Զկորպաթի ծնած է Իտալիոյ Փիաչենցա քաղաքի մօտ գտնուող Կացցոլա անուան գիւղին մէջ: 20 տարեկանին, Ան մուտք կը գործէ «Քոնսոլաթա» միսիոնար քոյրերու վանք, ուր կը մնայ երեք տարի ապա կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը անուանակոչուելով քոյր Լեոնելլա:

Որպէս կրօնաւորուհի նախ կը մեկնի Քենիա եւ հոն կը ծառայէ որպէս մանկաբարձուհի, ապա 2001-ին, քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ՝ կը ծառայէ ըլլայ Քենիոյ ըլլայ Սոմալիոյ մէջ:

Քոյր Լեոնելլա, Մոկատիշիօ քաղաքին մէջ կը հիմնէ կեդրոն մը պատրաստելու համար հիւանդապահուհիներ ու մանկաբարձուհիներ:

17 սեպտեմբեր 2006-ին, հիւանդանոցէն տուն վերադառնալու ժամանակ Լեոնելլա կը գնդակահարուի անծանօթ մէկու մը կողմէ ապա կը տարուի հիւանդանոց ուր հոգին աւանդելէն առաջ կ՝արտասանէ իր կեանքի վերջին՝ ներողութիւն, ներողութիւն, Ներողութիւն բառերը:

Քոյր Զկորպարթիի հետ միասին կը մեռնի նաեւ անոր ընկերացող մահմետական՝ Մուհամետ Մահմուտ անունով թիկնապահը:

Կրօնաւորուհիին մարտիրոսութեան համբաւը առիթ եղաւ 2013-ին, սկիզբ տալու անոր սրբադասման դատին Մոկատիշոյի թեմէն ներս:

8 նոյեմբեր 2017-ին, ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետ արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու քոյր Զկորպարթիի մարտիրոսութեան հրամանագիրը::

Նորահռչակ Երանելի Լեոնելլա Զկորպարթիի աճիւնները այժմ կը հանգչին Նայրոպի քաղաքի գերեզմանոցին մէջ սպասելով որ անոր դիակը փոխադրուի Նայրոպիի Ֆլորա Հոսթել եկեղեցի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2018, 09:39