Որոնել

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ Կարդինալ  Լեոնարտօն Սանտրի  Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լեոնարտօն Սանտրի  

Կարդինալ Սանտրի. «եթէ պայմանները ներէին Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրիան կ՛այցելէր»

Կարդինալ Սանտրի. Ֆրանչիսկոս Պապ Պարի քաղաքին մէջ պիտի աղօթէ Սուրիոյ եւ միջին արեւելքի խաղաղութեան համար:

Վազգէն Աբարդեան -Վատիկան

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լեոնարտօ Սատնրի, «Vatican news» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է ֆրանչիսկոս Պապին Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու հանդէպ մօտիկութեան եւ յառաջիկայ 7 յուլիսին Նորին Սրբութեան Իտալիոյ Պարի քաղաք այցելութեան, ուր պիտի աղօթէ Սուրիոյ խաղաղութեան համար Միջին արեւելքի կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս եկեղեցիներու պատրիարքներուն մասնակցութեամբ։ Կարդինալ Սանտրի սոյն հանդիպումի նախաձեռնութիւնը նկատած է Նորին Սրբութեան զգայնութեան մեծ ժեսթ մը, որ իր ուսերուն վրայ կը կրէ աշխարհի տառապանքները, յատուկէն՝ Սուրիոյ, Իրաքի եւ միջին արեւելքի ցաւերը:

Ֆրանչիսկոս Պապ Պարի քաղաքին մէջ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու պատրիարքներուն հետ միասին աղօթք պիտի բարձրացնեն առ Աստուած աշխարհին բացայայտելու համար Սուրիոյ եւ միջին արեւելքի տառապանքները ու բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրելու արդարութեան, խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան, Քրիսոտոնենաերուն պաշտպանութեան՝ յատուկէն հալածուած քրիստոնեաներուն եւ բոլոր անոնք որոնք կ՛ապրին ռմբակոծումի, սպանութեան, ահաբեկչական արարքներուն ինչպէս նաեւ բաժանումի եւ վրէժխնդրութեան լուծին տակ:

Կարդինալ Սանտրի ապա ընդգծելով որ Ֆրանչիսկոս Պապ անդադար կ՝աշխատի Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար յայտնեց թէ եթէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական պայմանները ներէին Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի ուզէր պատերազմի թիրախ դարձած Սուրիան այցելել եւ այս ուղղութեամբ ընդգծեց թէ Ֆրանիսկոս Պապ չի վախնար իր անձին համար,  այլ ՝ Սուրիա այցելութեան պարագային, մտահոգութիւն ունի զինք շրջապատող անձերուն համար։

Ի վերջոյ Կարդինալ Սանտրի անդրադարձաւ «արեան համամիութեան», նշելով որ անիկա պարզապէս կը նշանակէ՝ զարտուղութիւն չի դնել դաւանանքներու միջեւ ու մենք մեզ քրիստոնեայ զգալ ուրիշին կողքին՝ սպաննուած քահանային, եպիսկոպոսին, կաթողիկէին, օրթոտոքսին կամ այլ դաւանանքի պատկան հաւատացեալին որ հալածուած ու սպաննուած է միայն քրիստոնէական հաւատքին համար:

«Այս է նահատակութեան ինքնութիւնը որ ինքնիր մէջ արդէն կ՝իրականացնէ այդ ուղեւորութեան միութիւնը5 որ տակաւին չէ հասած իր աւարտին»: ըսաւ Կարդինալ Սանտրին զրոյցին աւարտին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2018, 11:57