Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի լիբանանցի երիտասարդներու հետ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի լիբանանցի երիտասարդներու հետ 

Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիի այցելութիւնը Լիբանան

Միջին արեւելքի երիտասարդներու նամակը Ֆրանչիսկոս Պապին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին, Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, կիրակի 13 մայիս 2018-ին, առաւօտեան, Պապական նուիրակութեան առաքելական պալատէն ներս հանդիպում ունեցաւ Մարոնիթ, Յոյն Մելքիթ, Ասորի Կաթողիկէ եւ Հայ կաթողիկէ համայնքներու երիտասարդներու չորս ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք անցեալ ծաղկազարդի նախորդող կիրակի օր Հռոմի մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին երիտասարդներու նուիրուած Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի նախապատրաստական ընդհանուր ժողովին:

Հանդիպումին ընթացքին, չորս համայնքներու երիտասարդներու ներկայացուցիչները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին ծիրանաւորին, իրենց ընծայուած թանկարժէք առիթին համար ուր կարելիութիւնը ունեցան ապրելու ունկնդրութեան փորձառութիւնը՝ նախ ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ապա համայն եկեղեցւոյ կողմէ, մաղթանք յայտնելով որ նոյն փորձառութիւնը ապրին նաեւ տեղական եկեղեցիներուն մէջ սկսեալ Միջին արեւելքի եկեղեցիներէն:

Երիտասարդները ապա կարդինալ Սանտրիին յանձնեցին Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուած նամակ նամակ մը, որուն մէջ հրաւէր ուղղած են Նորին Սրբութեան այցելելու Լիբանանը - ապա արտայայտած են իրենց եւ համայն միջին արեւելքի երիտասարդներուն երախտագիտութիւնը Սրբազան Քահանայապետին :

Նամակին մէջ երիտասարդները անդրադարձած են իրենց ապրած պայմաններուն, որ յատկանշուած է պատերազմներով , տառապանքներով եւ իրենց ծննդավայրին մէջ ապագային հանդէպ յուսալքումով, անոնք ապա ընդգծած են թէ ինչպէս իրենց զօրաւոր հաւատքին շնորհիւ է, որ կը շրջանցեն իրենց կեանքի ամէնէ խաւար պահերը

Կարդինալ Սանտրին իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է երիտասարդներուն ընդգծելով որ իսկական յեղափոխութիւնը եւ բարեկարգումը կը սկսի իւրաքանչիւր երիտասարդի սրտէն , հրաւիրելով զանոնք որ հաւաստի վկաները դառնան իրենց ապրած ընկերութեան մէջ, ոչ միայն դատապարտելով կաշառակերութեան արարքները այլ յանձնառու գտնուելով իրենց երկիրներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ լուսաւոր վերամուտին ծագումին:

Երիտասարդներու հետ հանդիպումէն վերջ Կարդինալ Սանտրի Ներկայ գտնուեցաւ Հարիսայի Տիրամօր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին արարողութեան նախագահութեամբ Մարոնի համայնքի Պաշարա Ռաի Պատրիարքին, մատուցուած Արժանթինի պաշտպան Սրբուհի Լուժան Տիրամօր արձանի զետեղման առիթով:

Սուրբ Պատարագի աւարին կարդինալ Սանտրի ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն վերանորոգելով Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը՝ մայիս ամսուան ընթացքին վարդարանը աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար ինչպէս նաեւ յառաջիկայ 7 յուլիսին, Պարի քաղաքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապին Միջին Արեւելքի պատրիարքներուն հետ հանդիպումին համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2018, 12:52