Որոնել

Թայլանտիայի եպիսկոպոսները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ Թայլանտիայի եպիսկոպոսները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ 

Թայլանտիայի եպիսկոպոսներուն հնգամեայ կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Թայլնատիայի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հիմնուած է 1965 թուականին ու մաս կը կազմէ Ասիական Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի դաշնութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 3 մայիս 2018-ին, Թայլանտիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ  եպիսկոպոսները Վատիկան ժամանելով հանդիպում ունեցան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ. Հանդիպումը դռնփակ էր եւ տեղի ունեցաւ Եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութեան ծիրէն ներս։ Իրենց կեցութեան ընթացքին Թայլանտիայի եպիսկոպոսները առիթ պիտի ունենան նաեւ հանդիպելու  Վատիկանի վերին իշխանութեան զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ։

Թայլանտիայի եպիսկոպոսները կը հանդիպին Ֆրանչիսկոս Պապին

Թայլատնիան ունի 513.139 քմ քառակուսի տարածք եւ 67 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն որուն մեծամասնութիւնը կը հետեւին  Պուտտայական կրօնքին ՛(93.6 առ հարիւր) ապա կան 4.9 առ հարիւրով մահմետականներ, մինչ քրիստոնեաները կը հաշուեն բնակչութեան միայն 1.2 առ հարիւրը, որոնց շարքին են նաեւ կաթողիկէները 377 հազար հաւատացեալով (բնակչութեան 0.55 առ հարիւր), ապա կան այլ կրօններու պատկան հաւատացեալներ։

Թայլնատիայի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական  համահաւաք դասը հիմնուած է 1965 թուականին  ու մաս կը կազմէ Ասիական Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի դաշնութեան. Եկեղեցին ունի երկու աւագ թեմեր եւ ինը այլ թեմեր։

Քրիստոնէութիւնը Թայլատիա մուտք գործած է 1567 թուականին, Տոմինքեան երկու միաբաններու քարոզութեան շնորհիւ, որոնք սակայն 1569-ին կը սպաննուին։ Անոնց կը յաջորդեն  Ֆրանչիսկեան միաբանութեան միսիոնարներ, որոնք Թայլատիա կը հասնին 1583-ին, ապա Յիսուսեանները՝ 1607 թուականին։ Ըլլալով փոքրամասնութիւն՝ քրիստոնեայ հասարակութիւնը ապրած է մերթ ընդ մերթ խաղաղ ու մերթ ընդ մերթ դժուար պահեր ու հալածանքներ։

10 եւ 11 Մայիս 1984-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն  կատարած է Պանքոկ,  իսկ 1989-ի հոկտեմբեր 22-ին՝ Սուրբ Քահանայապետը խորաններու պատուոյն  բարձրացուցած է Թայլանտացի մարտիրոս 7 երանելիներ։

1990էն սկսեալ Պուտիսթներու ու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները սկսած են կանոնաւորուիլ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2018, 12:37