Սուրբ Հաղորդութիւն Սուրբ Հաղորդութիւն 

Հաղորդագրութիւն. Վատիկանի մէջ գերմանացի կարգ մը եպիսկոպոսներու հանդիպումի մասին:

Գերմանացի եպիսկոպոսներու եւ Վատիկանի կարգ մը ժողովներու ղեկավարներու միջեւ հանդիպում Վատիկանի մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 3 մայիս 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, Գերմանացի եպիսկոպոսներու եւ Վատիկանի կարգ մը ժողովներու ղեկավարներու հետ Վատիկանի մէջ կայացած հանդիպումի մասին՝ որուն գլխաւոր նիւթն էր Խառն ամունութեամբ պսակեալներուն Սուրբ Հաղորդութեան մօտեցումը:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ վերոնշեալ հանդիպումը տեղի ունեցած է Հաւատոյ ժողովի գրասենեակին մէջ եւ որուն մասնակցած են 6 գերմանացի եպիսկոպոսներ՝ գլխաւորութեամբ Մունիխի թեմի եւ Գերմանիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Ռենհարտ Մարքսին։ Մինչ՝ Սուրբ Աթոռի կողմէ ներկայ էին ի մէջ այլոց հաւատոյ ժողովի կառավարիչ՝ Արքեպիսկոպոս Լուիս Լատարիան եւ Քահանայապետական քրիստոնեաներու միութեան խթանման խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Քուրթ Քոխը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ որ հանդիպումի ընթացքին Գերապայծառ Լատարիա ներկաներուն բացայայտած է Ֆրանչիսկոս Պապին գնահատանքը ի տես Գերմանացի եպիսկոպոսներու համամիութենական յանձնարումին ու անոնցմէ կը խնդրէ եկեղեցական հաղորդութեան հոգիով միաձայն լուծումներ գտնել:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան զանազան տեսակէտեր ու նիւթեր, որոնց պարունակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին պիտի փոխանցէ Գերապայծառ Լատարիան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2018, 10:35