Որոնել

Երանելի Հայր Եանոս Պրեններ Երանելի Հայր Եանոս Պրեններ 

Մարտիրոս Հայր Եանոս Պրենների երանացման արարողութիւնը Հունգարիոյ մէջ։

Հունգարիոյ «Սզոմպաթըլի» քաղաքին մէջ, Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով կը գլխաւորէ Մարտիրոս Հայր Եանոս Պրենների երանացման արարողութիւնը։

Ռողէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի մէկ մայիս 2018-ին, Հունգարիոյ «Սզոմպաթըլի» քաղաքին մէջ, Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով կը գլխաւորէ  Մարտիրոս Հայր Եանոս Պրենների երանացման արարողութիւնը։

Այս առթիւ Կարդինալ Ամաթօ «Վատիկան Նիուզ» Վատիկանի պաշտօնական  լրատու գործակալութեան հետ ունեցած  հարցազրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց նոր Երանելիի հակիրճ կենսագրականը նշելով թէ Ան ծնած էր Հունգարիոյ մէջ՝ 27 դեկտեմբեր 1931-ին, եւ մարտիրոսացած է 26 տարեկանին, երբ  երկու տարուայ քահանայ էր, 15 դեկտեմբեր 1957-ին։ 

Հայր Եանոս՝ 1948-ին անդամակցած է «Premostratens» հայրերու միաբանութեան ընդունելով եղբայր Աթանազիօ անունը։ Երբ համայնավարական վարչակարգի շրջանին կառավարութեան հրամանով կը փակուին ու կ՛արգիլուին կրօնական հաստատութիւնները, ան գաղտնաբար իր ուսումը կը շարունակէ եւ 1955-ի Յունիս 19-ին Քահանայ կը ձեռնադրուի եւ կը պաշտօնավարէ որպէս «Ռապաքեթելի» թեմի ժողովրդապետութեան փոխ ժողովրդապետ, յատկապէս զբաղելով մանուկներու կրօնուսուցումով, ինչ որ ժամանակուան վարչակարգի անդամները  մղեց պայքարելու Հայր Եանոսի դէմ, որովհետեւ հակառակ էին քրիստոնէական դաստիարակութեան։   

14 դեկտեմբեր 1957-ին երեկոյեան Հայր Եանոս կը կանչուի մահամերձ հիւանդի մը սուրբ հաղորդութիւնը տանելու համար ու ճանապարհին վրայ թակարդի մէջ իյնալով անյայտ անձեր վրան կը յարձակին ու զինք դաշունահարելով կը սպանեն, երեսուն երկու  անգամ խոցելով անոր մարմինը։

Անոր դիակը կը յայտնաբերուի երկրորդ օրը՝ 15 դեկտեմբերի առաւօտեան, Զսիտա քաղաքի մօտակայքը, իր ձախ ձեռքը ամուր դրուած կուրծքին վրայ, պաշտպանելու համար իր վրայ կրած նշխարը։

Անոր Երանացման դատը սկիզբ առաւ 3 հոկտեմբեր 1999-ին եւ 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուց հրամանագիրը՝ որով Հայր Եանոսը ճանչցուեցաւ որպէս «Հաւատքի Մարտիրոս»։

Հայր Եանոս հակառակ բոլոր արգելքներուն, իր հակիրճ առաքելութեան շրջանին, շարունակեց դաստիարակել երիտասարդները՝ Աւետարանի լոյսին տակ, անոնց սորվեցնելով յարգել մերձաւորը, օգնել աղքատներուն, ու խթանել համերաշխութիւնն ու ներդաշնակութիւնը՝ ընկերութեան եւ ընտանիքն մէջ։

Ան սիրուած էր բոլորին կողմէ, մեծ ու պզտիկ, եւ այս մէկը մեծ  դժգոհութիւն  յառաջացուց համայնավար  վարչակարգի անդամներու մօտ, որոնք հակառակ էին քրիստոնէութեան եւ կ՛ուզէին բանեցնել «անաստուած» դաստիարակութիւն մը։

«Հայր Եանոս եղաւ սիրոյ քաղաքակրթութեան վկան, որ միշտ յաղթական է» ըսաւ կարդինալ Ամաթօ վերոնշեալ հարցազրոյցի աւարտին հաստատելով թէ  «այդ քաղաքակրթութիւնը կը հզօրացնէ մեր մարդկային իսկական զգացումները, որոնք մեզի պարգեւուած են Աստուծոյ կողմէ՝ ազատութիւն, ճշմարտութիւն, եղբայրութիւն, յարգանք եւ խաղաղութիւն»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2018, 08:23