«Մայր երկրի» միջազգային օր «Մայր երկրի» միջազգային օր 

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 ապրիլի թուիթները կոչումի եւ բնապահպանումի մասին։

«Հետեւինք Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի օրինակին, խնամք տանիքն մեր հասարակաց Տան»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայական կոչումներու համար աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ կոչումը Աստուածային պարգեւ մըն է։

«Աստուծոյ կոչը որ  ուղղուած է իւրաքանչիւրիս, մեզ ուրախութեամբ լեցնող պարգեւ մըն է» գրեց Ֆրանչիսոս Սրբազան Քահանայապետը։ 

Աւելի ուշ Սրբազան Պապը հրապարակեց այլ թուիթ մը այս անգամ յատկացուած միշտ այսօր նշուող «Մայր երկրի» միջազգային օրուան  (International Mother Earth Day), հրաւիրելով հաւատացեալները հետեւելու Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին ու անոր նման խնամք տանելու մեր հասարակաց տան։

«Հետեւինք Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի օրինակին, խնամք տանիքն մեր հասարակաց Տան» գրեց ;րանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2018, 13:14