Որոնել

Pranzo con gli Assistiti dalla Caritas Pranzo con gli Assistiti dalla Caritas 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Իտալական թեմական Քարիթասներու համաժողովի մասնակիցներուն

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի պատգամը թեմական քարիթասներու համաժողովին մասնակիցներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հռոմի մէջ ընթացք առաւ Իտալական թեմական քարիթասներուն ազգային 40 –րդ համաժողովը ունենալով որպէս նիւթ «Երիտասարդը է... հասարակութիւն մը, որ կը բաժնեկցի»:

Մինչեւ 19 ապրիլ երկարող նշեալ համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն թեմական քարիթասներուն աւելի քան 600 տնօրէններ ութեմական քարիթասներու 220 գործիչներ:

Այս առթիւ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պատգամ մը յղեց համաժողովին մասնակիցներուն, որուն մէջ փոխանցեց Նորին Սրբութեան մաղթանքը , որ թեմական քարիթասաները միշտ յաւելեալ մօտիկութեամբ նեցուկ ըլլան աղքատներուն:

Կարդինալը ապա  պատգամին մէջ անհրաժեշտ նկատեց,  յետիներուն դատին եւ աղքատներուն ի սպաս բացարձակ անձնուիրումը,«հասնելով մինչեւ ժամանակակից ընկերութեան մարդկային եւ գոյութենական արուարձանները, դառնալու համար սիրոյ հարազատ առաքեալներ» գրած է ան  ու անդրադարձած  Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերուն, որ յիշելով  իտալական քարիթասին առաջին նախագահ` Ճովաննի Ներվօ ու տասնամեակներու գործադիր տնօրէն՝  Գերապայծառ Ժուզեփփէ Փազինի, հաստատած էր թէ անոնք իրենց կեանքի թանկարժէք վկայութեամբ հարստացուցին իտալական եկեղեցին այնպիսի  ժառանգութեամբ մը, որ  կը շարունակէ արդիւնաբեր դառնալ՝ արտադրելու ողորմածութեան ու սիրոյ հարազատ պտուղներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2018, 13:24