Greg Burke, direttore della sala Ufficio Stampa della Santa Sede Greg Burke, direttore della sala Ufficio Stampa della Santa Sede 

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնին յայտարարութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ Տոմուս Սանթա Մարթա տան մէջ պիտի ընդունի Չիլէի մէջ կղերականներուն կողմէ սեռային բնութիւններու ենթարկուած մի քանի զոհեր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 25 ապրիլ 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը հայող Չիլէի մէջ կղերականներու կողմէ մանկապղծութեան եւ սեռային բռնութիւններու ենթարկուած կարգ մը զոհերու հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումի մասին Վատիկանի մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ Սուրբ Աթոռո մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Պուրք յայտարարեց.

Թէ յառաջիկայ շաբաթավերջին Ֆրանչիսկոս Պապ Տոմուս Սանթա Մարթա տան մէջ պիտի ընդունի Չիլէի մէջ կղերականներուն կողմէ սեռային բնութիւններու ենթարկուած մի քանի զոհեր յանձին Խուան Քարլոս Քրուզ, Ճամէն Համիլթոն եւ խօսէ Անտրէս Մուրիլլոյին:

Ան ապա նշած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն կը յայտնէ սեռային բռնութիւններու ենթարկուած կարգ մը զոհերուն հետ անհատական եւ եղբայրական հանդիպում ունենալուն համար: Ֆրանչիսկոս Պապ կը փափաքի ներում հայցել եւ բաժնել բոլոր անոնց ցաւերն ու յատկապէս ունկնդրել անոնց առաջարկները՝ որպէսզի նման դատապարտելի արարքներ չի կրկնուին»։

Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ որ աղօթենք Չիլէի եկեղեցւո՛յ համար՝ յատուկէն այս ցաւալի պահուն, մաղթելով որ այսպիսի հանդիպումներ կարենան տեղի ունենալ խաղաղ եւ յուսալիր մթնոլորտի մէջ եւ հանդիսանան հիմնական քայլ մը՝ ընդմիշտ խուսափելու եւ վերացնելու համար խղճի բռնութիւնները, իշխանութեան բռնութիւնները եւ յատուկէն սեռային բռնութիւնները եկեղեցւոյ ծոցէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2018, 15:23