Փանամայի ԵՀՕ պաստառը Փանամայի ԵՀՕ պաստառը 

Փանամայի Արքեպիսկոպոսը Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնեց 2019-ի ԵՀՕ պաշտօնական պաստառը։

Փանամայի Արքեպիսկոպոսական թեմին թուիթըրեան կայքը կը տեղեկացնէ թէ անցեալ չորեքշաբթի՝ 18 ապրիլ 2018-ին Փանամայի Արքեպիսկոպոսը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնեց 2019-ի յունուարին Փանամայի մէջ կայանալիք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ պատրաստուած պաշտօնական պաստառը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Փանամայի Արքեպիսկոպոսական թեմին թուիթըրեան կայքը կը տեղեկացնէ թէ անցեալ չորեքշաբթի՝ 18 ապրիլ 2018-ի հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին Փանամայի Արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ Ուլլոա, Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնեց 2019-ի յունուարին Փանամայի մէջ կայանալիք Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ պատրաստուած պաշտօնական պաստառը, որ Սրբազան Քահանայապետը որակեց «Ֆուտուրիստ»։

Պաստառը որ ստեղծագործութիւնն է երիտասարդ գծագրիչ Ամպար Քալվոյի հանրութեան ներկայացուեցաւ անցեալ 15 ապրիլ 2018-ին, Փանամայի Սուրբ Հաղորդութեան գիտաժողովին առթիւ։

Գերապայծառ Ուլլոա Քահանայապետին յանձնեց նաեւ մարզական կօշիկներ զոր գծագրած է Սան Միկելիթօ նահանգի Սամարիա քաղաքէն երիտասարդ մը։ «Ասոնք պիտի օգտագործեմ երբ Փանամա կը ժամանեմ» ըսած է այդ առթիւ զուարճութեամբ Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2018, 13:53