Որոնել

“Centesimus Annus – Pro Pontifice” հիմնարկ “Centesimus Annus – Pro Pontifice” հիմնարկ 

“Centesimus Annus – Pro Pontifice” հիմնարկի գործունէութեան ներկայացում։

«Centesimus Annus – Pro Pontifice» հիմնարկը հաստատուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ՝ 13 յունիս 1993-ին

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ 18 ապրիլ 2018-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս որուն առթիւ կը ներկայացուի «Centesimus Annus – Pro Pontifice» հիմնարկի գործունէութիւնը, որուն հիմնական առաքելութիւնն է խթանել կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ճանաչումը։

Մամլոյ Ասուլիսը տեղի կ՛ունենայ Քահանայապետական վերոնշեալ հիմնարկի հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ՝ 24էն 26 մայիս կայանալիք « New Policies and Life-Styles in the Digital Age” խորագիրով գիտաժողովին առթիւ, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ի մէջ այլոց՝ Յոյն Օրթոտոքս եկեղեցւոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողոմէոս Ա։

Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՛ունենան գերապայծառ Տիրամուիտ Մարթինը՝ Տուպլինի Արքեպիսկոպոս, Տիար Տոմինքկօ Սուկրաեէս Պիքել՝ “Centesimus Annus – Pro Pontifice” հիմնարկի խորհուրդի նախագահ, Աննա Մարիա Թարանթոլա, հիմնարկի հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ։

«Centesimus Annus – Pro Pontifice» հիմնարկը հաստատուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ՝ 13 յունիս 1993-ին. Հիմնարկը ստեղծուած է ներշնչուելով Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի հրապարակած «Centesimus Annus» առաքելական նամակէն որ լոյս տեսաւ 1991-ի մայիս մէկին։ Անոր հիմնական նպատակներէն է համագործակցիլ քրիստոնէական ընկերային վարդապետութեան ուսումնասիրութեան  ու անոր տարածումին յատկապէս գործարարական աշխարհէն ներս, ապա խթանել եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ընկերութեան զանազան միջավայրերու մէջ հուսկ դրամահաւաքի միջոցաւ թիկունք կանգնիլ առաքելական աթոռի գործունէութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2018, 13:12