Որոնել

Խորհրդատու Ինը Կարդինալներու հաւաքը Խորհրդատու Ինը Կարդինալներու հաւաքը 

Ինը Կարդինալներու խորհուրդին աշխատանքներուն հայող մամլոյ ասուլիս։

Կարդինալական խորհուրդը իր յաջորդ հաւաքը պիտի գումարէ 11-13 յունիս 2018-ին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Չորեքշաբթի 25 ապրիլ 2018-ի ժամը մէկին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս հայող Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խորհրդատու ինը կարդինալներու 24-րդ հաւաքին։

Մամլոյ Ասուլիսը վարեց Սուրբ Աթոռի Գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքը որ իր զեկոյցին մէջ նշեց թէ վերոնշեալ խորհուրդը իր 24րդ ժողովը գումարեց 23, 24 եւ 25 ապրիլին գլխաւորութեամբ Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետին, ի բացակայութեան Կարդինալ Ժորժ Փելին։

Աշխատանքային օրակարգը ունէր օրական երկու նիստ, առաջինը առաւօտեան 9-էն մինչեւ 12.30, իսկ յետմիջօրէինը 16.30էն մինչեւ 19, որոնց ընթացքին ժողովականները քննարկեցին Հռոմի Քուրիայի առաքելական նոր սահմանադրութեան նախագիծը։

Կէրկ Պուրք ապա նշեց թէ վերոնշեալ փաստաթուղթի զանազան նիւթերու շարքին, յատուկ կարեւորութիւն ունին հետեւեալները.

-Հռոմի Քուրիան ի ծառայութիւն  Սրբազան Քահանայապետին ու տեղական եկեղեցիներու։

-Քուրիայի գործունէութեան հովուական բնոյթը

-Պետական Քարտուղարութեան Երրորդ Բաժանմունքի ստեղծումն ու անոր աշխատանքային գործընթացը

-Աւետարանի հռչակումը եւ միսիոներական հոգին որպէս համայն Քուրիան յատկանշող հեռանկար։

Կարդինալական խորհուրդը իր յաջորդ հաւաքը պիտի գումարէ 11-13 յունիս 2018-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2018, 15:03