Պենետիկտոս ԺԶ Պենետիկտոս ԺԶ 

13 տարիներ առաջ Պենետիկտոս ԺԶ կ՛ընտրուէր Քահանայապետ։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ մահէն ետք, 19 ապրիլ 2005-ին չորրորդ քուէարկութեան ընթացքին Քահանայապետ ընտրուեցաւ Վոյթիլա Պապին ամէնէ մօտիկ համագործակիցներէն՝ ԺոզէՖ Ռացինկեր կարդինալը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Արդարեւ՝ 19 ապրիլ 2005-ի յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ, Կարդինալական դասը փակուած էր Սիքստինեան մատրան մէջ ընտրելու համար նոր Քահանայապետ մը որ պիտի յաջորդէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին որ իր մահկանացուն կնքած էր մի քանի շաբաթներ առաջ՝ 26 տարի, 5 ամիս եւ 17 օր կառավարելէ ետք Եկեղեցին։

13 տարիներ առաջ Պենետիկտոս ԺԶ կ՛ընտրուէր Քահանայապետ

Յետմիջօրէի 17.56-ին, Սիքստինեան մատրան բուխերիկէն դուրս եկաւ ճերմակ  ծուխը. Կարդինալական դասը ընտրած էր Սուրբ Պետրոսի 265-րդ յաջորդը։ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի զանգակները սկսան ղօղանջել աւետելու համար թէ Եկեղեցին տօնախմբութեան մէջ է եւ ընտրուած է Ան որ պիտի ղեկավարէ Սուրբ Պետրոսին նաւը։

Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Ժոչէֆ Ռացիկներ ընտրուած էր նոր քահանայապետ եւ որպէս անուն ընտրած էր Պենետիկտոս անունը, բացայայտելով այդ ընտրանքին պատճառը ու հաստատելով թէ Պենետիկտոս ԺԵ եղաւ քաջարի քահանայապետ, պատերազմով յատկանշուած աշխարհի մը մէջ ու յանձնառումով գործեց ի նպաստ խաղաղութեան իսկ  անկէ անդին նոր Քահանայապետը հաստատեց թէ այդ անունը ներշնչուած է Նորչայի Սուրբ Պենետիկտոսէն՝ Եւրոպայի համապաշտպան սուրբը, ու Արեւմուտքի Վանականութեան Պատրիարք։

Իր առաջին պատգամին մէջ նորընտիր Քահանայապետը ինքզինք ներկայացուց որպէս «խոնարհ ու պարզ աշխատաւոր Տիրոջ այգիին մէջ», դիտել տալով թէ «Տէրը շատ անգամ գիտէ գործել անյարմար գործիքներով», ապա հայցեց հաւատացեալներուն աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/04/2018, 13:24