14-12-2017 Papa Francesco  e S.E. Mons. Bernardito C. Auza 14-12-2017 Papa Francesco e S.E. Mons. Bernardito C. Auza 

Գերապայծառ Աուզա. «Կանանց արժանապատուութիւնը խաղաղութեան միջոց է»

ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի կազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Կիներ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» նիւթով բանավէճ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Արքեպիսկոպոս Պերնատիթօ Աուզան

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 17 ապրիլ 2018-ին, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի կազմակերպութեամբ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Կիներ, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն» նիւթով բանավէճ, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Արքեպիսկոպոս Պերնատիթօ Աուզան: Ան այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ բանավէճի մասնակիցներուն դիտել տուաւ որ Սուրբ Աթոռը թիկունք կը կանգնի Միջազային ընտանիքին, որպէսզի կանանց երաշխաւորուի ոչ միայն խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն այլեւ անոնց աւելի մեծ ներգրաւածութիւնը՝ խաղաղութեան վերականգման գործընթացէն ներս։

Արքեպիսկոպոս Աուզան ապա կարեւորեց երեք հիմնական կէտեր, որոնց վերաբերեալ Սուրբ Աթոռը յատուկէն ուշադիր ու յանձնառու է ՝ունենալով իր կողքին ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը` կանանց արժանապատւութեան յարգանքին համար:

Առաջին. երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու խթանման միջոցաւ, հակամարտութիւններու կանխարգիլում, ապահովել խաղաղութեան գործընթացէն ներս կանանց ձայնը եւ անոնց մասնակցութիւնը։

Երկրորդ. հակամարտութիւններու գօտիէն ներս կանանց դէմ ամէն տեսակի բռնութիւններուն կանխարգիլում, անոնց օրինական իրաւունքներու ու շահերու պաշտպանութիւն:

Երրորդ. ուշադրութիւն ու յանձնառում կանխարգիլելու համար կանանց դէմ բռնութինները, նաեւ յետ պատերազմներու իրավիճակէն ներս, նպաստելով կրթական, տնտեսական եւ ընկերային զարգացումին, որպէսզի այդ նպաստներէն կարենայ օգտուիլ ամբողջ բնակչութիւնը:

Գերապայծառ Աուզա ապա ժողովուրդին ի նպաստ կրթական գործընթացի ծիրէն ներս յիշեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառումը՝ յատուկէն կանանց եւ աղջիկներուն ի սպաս, որոնք կարող են իրենց ներդրումը բերել ընտանիքներուն մէջ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կերտման որ կը հայի համայն ընկերութեան: Ան իր զեկոյցը աւարտեց մէջբերելով անցեալ 19 յունուար Փերույի մէջ ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած խօսքէն հատուած մը «չենք կրնար բռնութիւնը բնականոնացնել զայն համարելով որպէս բնական իրողութիւն, աջակցելով արական սեռի մշակոյթին որ կը մերժէ կանանց դերակատարութիւնը մեր հասարակութենէն ներս»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2018, 15:53