Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին եպիսկոպոսներու հետ հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին եպիսկոպոսներու հետ հանդիպումը 

Նիճերիացի եպիսկոպոսներու կանոնական հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Նիճերիոյ մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է ԺԵ - ԺԶ դարերուն Փորթուկալցի միսիոնարներու քարոզութեան շնորհիւ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

24 – 30 ապրիլ 2018-ին, Նիճերիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները Հռոմ  ժամանելով կը կատարեն իրենց հնգամեայ կանոնական այցը  Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Եպիսկոպոսներուն «Առ Սեամն Պետրոսին» Հնգամեայ Կանոնական այցելութիւնները կը ծառայեն կապ պահելու համար տեղական եկեղեցիներու ու Սուրբ Պետրոսի աթոռին մէջ, ու յատկապէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդին՝ Սրբազան Քահանայապետին հետ, Անոր ներկայացնելու համար տեղական եկեղեցւոյ իրավիճակը ու ապրած մարտահրաւէրները, ըլլայ հոգեւոր, ըլլայ ընկերային, ըլլայ մշակութային գետնի վրայ ու այս ասպարէզներէն  ներս Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը։

Վերոնշեալ հնգամեայ այցելութիւնները պարզ կանոնական պարտականութիւն մը չեն, այլեւ փորձառութիւններու ու հարստութեան ներդրում մըն են, ոորոնք Քահանայապետին առիթ կ՛ընծայեն մօտէն ճանչնալու եկեղեցիներու իրավիճակները։ Եպիսկոպոսները իրենց Հռոմ կեցութեան ընթացքին առիթ կ՛ունենան հանդիպելու նաեւ Հռոմի Քուրիայի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ անոնց հետ քննարկելու ու լուծում գտնելու համար իրենց դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն ու հարցերուն եւ ինչու չէ՝ նաեւ նոր առաջարկներ ներկայացնելու, որպէսզի եկեղեցական հաղորդութիւնը աւելիով ամրապնդուի ու միասնական աշխատանք տարուի աւելի լաւ ծառայութիւն մատուցելու համար Աստուծոյ Ժողովուրդին։

Նիճերիոյ մէջ Կաթողիկէ եկեղեցին

Նիճերիան ունի 923 769 Քմ քառակուսի տարածք եւ 193 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն որոնց 50 առ հարիւրը քրիստոնեայ են, մինչ միւս 50ը մահմետական։ Քրիստոնեաներուն 15.8 առ հարիւրը կաթողիկէ են իսկ մնացածը մաս կը կազմեն քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւններու ու նորաստեղծ հասարակութիւններու։

Նիճերիոյ մէջ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 9 Աւագ Թեմ, մէկ առաքելական փոխանորդութիւն եւ 45  թեմեր ինչպէս նաեւ Մարոնիթ համայնքի  յատկացուած մէկ առաջնորդութիւն։

Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ապա կազմակերպուած է իր զանազան հովուական բաժանմունքներով։ Կաթողիկէ եկեղեցին յանձնառումով կը գործէ ի նպաստ խաղաղութեան, համամիութեան ու միջ կրօնական երկխօսութեան, հակառակ քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքներուն, յատկապէս ծայրայեղական խմբակներու կողմէ որոնցմէ ամենէվայրագը կը մնայ Պոքօ Հարամ ծայրայեղական խմբակցութիւնը։

Նիճերիոյ մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործած է 15-16 դարերուն Փորթուկալցի միսիոնարներու քարոզութեան շնորհիւ։ Նիճերիոյ ու Վատիկանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուեցան 29 ապրիլ 1976-ին

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը Երկիրը այցելած է երկու անգամ, առաջինը ՝ 1982-ին իսկ երկրորդը 1998-ին, որուն առթիւ Երանելիներու շարքին դասեց Հայր Սիփրիան Միքայել Իվենէ Թանսին՝ միսիոնար վարդապետը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2018, 11:50